Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիա Վերջնագիր Կը Ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան

March 6, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆիլիփ Համընտ
Ֆիլիփ Համընտ

«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտարարած է, որ Բրիտանիա Եւրոպական Միութեան մէջ պիտի մնայ միայն Պրիւքսէլի վարած քաղաքականութեան մէջ «լուրջ փոփոխութիւններու» պարագային:

«Վերջին քսան տարուան ընթացքին որոշ ժամանակահատուածի մը մէջ Եւրոպական Միութիւնը շեղած է իր ուղեգիծէն եւ այժմ կը շարժի սխալ ուղղութեամբ: Որպէսզի հանրութեան հետ բերուի ուղեգիծի վրայ, անհրաժեշտ են բարեփոխումներ եւ գոյութիւն ունեցող համաձայնագիրներու վերանայում», նշած է ան:

Ըստ Համընտի, Բրիտանիա պէտք է օգտագործէ Եւրոպական Միութեան կառոյցը փոխելու կարելիութիւնը, որպէսզի ատոր անդամակցութիւնը երկրին համար շահեկան ըլլայ:

Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է. «Գործընկերներու ճնշող մեծամասնութիւնը կը փափաքի, որ մենք մնանք այդ համայնքի մասնակից: Բայց եւ այնպէս, ատոր համար Պրիւքսէլ պէտք է դիմէ իր քաղաքականութեան լուրջ փոփոխութիւններու»:

«Քորրեսփոնտընթ» կը յիշեցնէ, որ Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի սկսելու համարկման նոր հանգրուանի մը, որ նպատակ ունի մշակել միասնական տնտեսական քաղաքականութիւն եւ Եւրոյի գօտիի երկիրներու դաշնակցային տնտեսական կառավարութեան ստեղծում: Լոնտոն, սակայն, չի պատրաստուիր մասնակցելու համապատասխան լիազօրութիւնները Եւրոպական Միութեան կեդրոնական կառոյցներուն փոխանցման հոլովոյթին:

Աւելի՛ն, Բրիտանիա մտադիր է դուրս գալ Եւրոպական Միութեան շարք մը ընդհանուր մարզերէն, որպէսզի ուժեղացնէ ազգային խորհրդարանի դիրքերը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Օպամա Մէկ Տարիով Երկարաձգած Է Ռուսիոյ Դէմ Որոշ Պատժամիջոցներու Ժամկէտը

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.