Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Մարտ 1965)

March 6, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

«Կտակն Էր Նահատակներուն»

Համազգային մշակութային ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ ամիս մը առաջ Պէյրութի մէջ լոյս տեսան Արշաւիր Շիրակեանի յուշերը` վերածուած գեղեցիկ հատորի մը, որ կը կրէ շատ յատկանշական խորագիր մը` «Կտակն էր նահատակներուն»:

Գիրքին յառաջաբանը գրած է Կարօ Սասունի, իսկ Սիմոն Վրացեան ակնարկ մը նետած է ահաբեկիչներու գործին վրայ: Ներածական այս բաժինը կ՛աւարտի ապրիլեան Եղեռնի պատմականով, զոր կատարած է Երուանդ Փամպուքեան:

Այս հերոսաշունչ եւ հետաքրքրական գրքին հրատարակութիւնը կը զուգադիպի Եղեռնի յիսնամեակին` նպատակայարմար կարգադրութեամբ մը, որուն համար շնորհաւորելի է հրատարակչական մարմինը:

Արդարեւ, Արշաւիր Շիրակեանի գիրքին ընդմէջէն կը տրուի ոչ միայն դիւցազնական յանդգնութիւնը մեր աննման ահաբեկիչներուն, այլ նաեւ` ահաւորութիւնը այն ոճիրին, որ յիսուն տարի առաջ գործուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ, մէկ միլիոն անմեղներու կոտորածով:

Արշաւիր Շիրակեան մէկն է անոնցմէ, որոնք Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին, իբրեւ նոր օրերու Նեմեսիս, նետուեցան հայոց պատմութեան թատերաբեմը, ամբողջ ժողովուրդի մը ցասումը իրենց հոգիին մէջ` պատուհասելու համար այն մարդակերպ գազանները, որոնք սահմռկեցուցիչ սառնասրտութեամբ մը ժողովուրդի մը մահը ստորագրած էին եւ գործադրած` անօրինակ ցեղասպանութեամբ մը: Արշաւիր Շիրակեանի հետ Սողոմոն Թեհլիրեան, Միսաք Թորլաքեան, Արամ Երկանեան, Ծաղիկեան եւ այլ անուն հերոսներ ՀՅ դաշնակցութեան Գերագոյն ժողովներուն որոշումով ու հրահանգով կատարեցին արութեան այդ գործերը, ոչ միայն ցնցելով քաղաքակիրթ մարդկութեան խիղճը, այլ նաեւ անոնցմէ ոմանք, ձերբակալուելու պարագային, պաշտօնապէս անպարտ արձակուելով դաշնակից կամ պետական դատարաններու կողմէ: Այդ արդար վճիռով բարոյական հատուցում մը կ՛ըլլար հայ ժողովուրդին, ծով մը անարդարութեան կողքին, որ գործուեցաւ նոյն այդ Դաշնակիցներուն կողմէ:

Արշաւիր Շիրակեանի յուշերուն ընդմէջէն, հակառակ հեղինակին ցուցամոլութենէ խուսափելու ձգտումին, մենք կը հաստատենք սակայն մեծութիւնը գործի մը, առանց որուն` հայութիւնը ամօթապարտ պիտի մնար պատմութեան առջեւ: Յուշերու ընթերցումէն երեւան կու գայ ոչ միայն առասպելական քաջութիւնը խիզախ ահաբեկիչին, այլ նաեւ` անոր հնարամտութիւնը, որ նման պատասխանատու եւ վտանգաւոր գործի մը յարմարագոյն ընտրեալը կը դարձնէր մեր սիրելի ընկերը: Երկու արժանիքներ, որոնք կարելի դարձուցին հայկական ջարդերու գլխաւոր պատասխանատուներէն Սայիտ Հալիմ փաշայի, Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկումը` եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ, մեր արիասիրտ ընկերոջ վրիժառու գնդակով:

Արշաւիր Շիրակեան եւ իր ընկերները իրենց կեանքով ու մանաւանդ արութեան գործով հայոց պատմութեան կը պատկանին` գրաւելով անոր ամէնէն շքեղ էջերը: Անոնց գործը ոչ միայն պայծառացուց անմեղներու ճակատը, ոչ միայն հպարտութեան ալիքներ բարձրացուց հայ կեանքէն ներս, այլ նաեւ հերոսական արարքներու պաշտամունքին տարաւ հայրենազուրկ բազմութիւնները` իբրեւ ներշնչման աղբիւր ներկայ ու գալիք բոլոր սերունդներուն:

Պիտի կարդացուի Շիրակեանի գործը նոյն յափշտակութեամբ ու կիրքով, ինչ որ անոր վսեմ գործը արթնցուցած էր հայ ժողովուրդի մօտ` իբրեւ ջերմ հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն:

Շիրակեան եւ իր ընկերները, անձնազոհ հերոսները հայկական դիւցազնամարտին, իրենց համեստ արտաքինին ներքեւ թաքնուած հզօր անհատականութեամբ, մեր ժողովուրդի աչքին ընդմիշտ պիտի մարմնացնեն` Խիզախը, Քաջը, Արդարը:

 

Տոմսեր

«Շուշան Ներկողները»

Անգլերէնի մէջ «շուշանը ներկել»` կը նշանակէ չափազանցուած գովեստով խօսիլ մէկու մը, բանի մը մասին:

Այս սիրուն «պատկեր»-ին հեղինակը ժողովուրդը չէ, այլ` Շէյքսփիրը, որ կը գրէ «Յովհաննէս արքայ»-ին մէջ. «Զուտ ոսկին ոսկեզօծել, շուշանը ներկել եւ մանուշակին վրայ հոտ ցանել` աւելորդ ու ծիծաղելի չափազանցութիւն է»:

Մեր մէջ այս աւելորդ աշխատանքը կը կատարեն կարգ մը մարդիկ, երբ կը սկսին բաներ պատմել Ամենայն Հայոց հայրենիքին մասին:

– Գացինք, տեսանք, պտտեցանք, ամէն բան աչքէ անցուցինք. հրաշալի՜, հիանալի՜, սքանչելի՜,  զմայլելի՜… Ամէն բան ունին. բանէ՛ մը զրկուած չեն… Ամենայն ինչ կատարեալ… Բնաւ մի՛ մտահոգուիք… Հիմա առաջուան պէս չէ, այսինքն Ստալինի շրջանին պէս չէ… Հիմա ազատութիւն անգամ կայ…

– Օ՜, ուրեմն Ստալինի օրով չկար… Բայց մեզ սուտը կը հանէիք…

– Անցած գացած բաներուն վրայօք չխօսինք…

Ուրախ ըլլանք, որ մեր հայրենիքը կը յառաջանայ, կը բարգաւաճի, կը…

– Դժբախտաբար գիրցած չունի եւ հասակ չի նետեր:

– Օր մը ատոնք ալ կ՛ըլլան… Աշխարհքը ոտքի տակ առած մարդ եմ, բայց ես ատանկ գեղեցիկ մայրաքաղաք տեսած չեմ… Ան ի՜նչ օփերա է, եղբա՛յր, ան ի՜նչ արձաններ են, ան ի՜նչ շէնքեր են, ան ի՜նչ փողոցներ են… Կեցցէ՛, մեր Հայաստանը…

***

Դժբախտաբար, մեր խելքը չի հասնիր այս թացիկ հայրենասիրութեան: «Շուշան ներկել»-ու այս արարողութեան:

Կասկածի տակ չենք դներ այս «ներկարար»-ներուն հայրենասիրութիւնը: Ընդհակառակն, կը հաւատանք, որ այս լորձնաշուրթն փառաբանութեան հեղինակներն ալ կը սիրեն Հայաստանը, որ անշուշտ միայն իրենց պապուն ձգած ժառանգը չէ, այլ կը պատկանի աշխարհի բոլոր հայերուն, անխտի՛ր:

Մենք մեր այս արդարամտութեամբ է, որ տարբեր ենք իրենցմէ: Մենք, աւելի լայնախոհ, այս կամ այն հոսանքին մենաշնորհը չենք նկատեր հայասիրութիւնը:

 ***

Մեր ըսածը բոլորովին ուրիշ բան է:

Ականջ ունեցողը թող լսէ, որ ականջ չունեցողին պատմէ:

Մենք, նախ եւ առաջ, չենք հաւատար «այսօրուան Հայաստան», «երէկուան Հայաստան» բացատրութեանց: Մեզի համար կան միայն «երէկուան եւ այսօրուան» վարչաձեւերը:

Կարելի է ամառուան եւ ձմեռուան հագուստ ունենալ, բայց կարելի չէ ամառուան եւ ձմեռուան հայրենիք ունենալ: Հայրենիքը անբաժանելի միաւոր մըն է` անկախ իր իշխանաւորներուն դաւանանքէն:

Մեզի համար Հայաստանը ե՛ւ ոսկի է, հետեւաբար ոսկեջուրի պէտք չունի, ե՛ւ շուշան է, հետեւաբար նոր ճերմակութեան պէտք չունի, ե՛ւ մանուշակ է, հետեւաբար նոր հոտի պէտք չունի:

Այլ խօսքով, Հայաստանը աշխարհի բոլոր հայերուն «սիրելի» դարձնելու համար բնաւ պէտք չկայ խոշորացոյցին տակ դնելու անոր լուսաւոր երեսը եւ ժամավաճառ ըլլալու զաւեշտական մարզանքներով: Լուսինը լուսին է իր կռնակովն ալ:

Վա՜յ այն հայրենասէրին, որ Հայաստանը պիտի սիրէր անոր համար, որ «հիմա հագնելիք ալ կայ, ուտելիք ալ կայ: Եւ նոյնիսկ մեղր ու սեր կայ, կարագ ու խավեար կայ»:

Պարծա՜նք, սակայն, այն հայրենասէրին, որ Հայաստանը կը սիրէ առանց անոր հագնելիքին եւ անոր ուտելիքին: Առանց անոր մեղրին ու կարագին:  Եւ սերին ու խավեարին:

Պէտք չկայ «շուշանը ներկելու» եւ «ոսկին ոսկեզօծելու»:

ԵՒՐՈՊԱՑԻ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նոր Հայու Տեսակ` Ֆէյսպուքահայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.