Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 88-Ամեակի Իւրայատուկ Նշում

March 5, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-4-15_rostomԱյսօր` 5 մարտին, «Ազդակ»-ը կը թեւակոխէ իր 88-ամեակը` 8 տասնամեակները իր ուսերուն նայելով դէպի ապագայ: Հակառակ անցնող ժամանակին, ծերանալէ հեռու այս թերթը ո՛չ միայն կը փորձէ միշտ պահել իր երիտասարդութիւնը, այլ նաեւ մեծապէս կը հաւատայ երիտասարդութեան ներուժին, կարողականութեան եւ կառչած կը մնայ այն համոզումին, թէ երիտասարդ տարրերն են, որոնք պիտի ճշդեն մեր ապագայի դիմագիծը:

«Ազդակ»-ի ունեցած այս հաւատքն ու համոզումը տարածուած է տարբեր բնագաւառներու մէջ` ազգային, գաղափարական, ընկերային, կրթական, մշակութային եւ այլն:

Արդարեւ, «Ազդակ»-ի տարեդարձը այս տարի կը յիշուի իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը` «Ազդակ»-ի յարկին տակ քաջալերանք ու նեցուկ վայելած երիտասարդ արուեստագէտներուն կողմէ իրականացուած: Անուանի արուեստագէտ Արա Ազատի աշակերտ-ընկերները իրենց ուսուցիչին մղումով եւ իբրեւ երախտագիտութիւն իրենց առաջին քայլերուն հետեւած ու իրենց թիկունք հանդիսացած «Ազդակ»-ին, թերթին նուիրեցին իրենց ստեղծագործական պաստառները: Արդարեւ, իր 88-ամեակը թեւակոխած «Ազդակ»-ի յարկին տակ այսօր իսկական արժէքներ են Յովիկ Աֆարեանի, Գօգօ Աւեսեանի, Ռոստոմ Գույումճեանի, Գէորգ Մանուկեանի, Յարութ Չէօրեքճեանի, Ալեակ Լատոյեանի, Նորայր Պուտաքեանի, Պօղոս Նազիկեանի ստեղծագործութիւնները, որոնց մէջէն կ՛արտացոլան արուեստի իւրայատուկ դրսեւորումներ:

Այս իւրայատուկ նախաձեռնութեան ու մտայղացումին համար «Ազդակ» շնորհակալութիւն կը յայտնէ երիտասարդ արուեստագէտներուն, անոնց նուիրեալ ու երիտասարդներուն նկատմամբ մեծ հաւատք ունեցող ուսուցիչին` Արա Ազատին, որուն այս քայլը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ թերթին նկատմամբ հաւատքը, յարգանքն ու արժեւորումը կը շարունակեն առկայ մնալ, նաեւ` գործով:

Երիտասարդ գեղանկարիչներու անցած ստեղծագործական ուղիին կ՛անդրադառնանք հետագային` արուեստագէտ Արա Ազատին հետ մեր ունեցած հարցազրոյցին ճամբով:

 

Նախորդը

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ուսումնական Յատուկ Կարիքներ Ունեցողներու Մանկավարժական Կեդրոնի Բացումը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Նեթանիահուի Ճառը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.