Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարիֆ. «Այս Շաբաթ Կարելի Է Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել, Եթէ Մեր Վրայ Հաստատուած Պատժամիջոցները Վերցուին»

March 3, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ
Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ Ժընեւի մէջ յայտնեց, որ Թեհրան պիտի փորձէ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ բանակցութեանց ընթացքին «կրցածին չափ հեռուն երթալ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսօր Մոնթրէոյի մէջ Քերրիի հետ բանակցութեանց նկատմամբ յուսալի՞ց է, ան «Ռոյթըրզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Պիտի փորձենք: Պիտի փորձենք ըստ կարելւոյն հեռու երթալ»:

Զարիֆ երէկ յայտարարեց. «Կարելի է այս շաբաթ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, եթէ մեր դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցուին»:

Քերրի իր կարգին յայտնեց. «Իրանի հետ բանակցութեանց մէջ որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ, սակայն տակաւին երկար ճամբայ կայ կտրելիք»:

Ան առանց անունը նշելու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն զգուշացուց Քոնկրեսին առջեւ իր արտասանելիք խօսքին մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ բացայայտելէ: Ան Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց այնպիսի տեղեկութիւններու նկատմամբ, ըստ որոնց, «յառաջիկայ օրերուն» բանակցութիւններուն վերաբերեալ «ընտրովի մանրամասնութիւններ» կրնան բացայայտուիլ` աւելցնելով, որ այդ պարագային «համաձայնութիւն գոյացնելը աւելի դժուար պիտի ըլլայ»:

Նշենք, որ Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի, ուր Քոնկրեսին առջեւ պիտի արտասանէ խօսք մը` մերժելով Իրանի հետ համաձայնութիւնը: Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատական կուսակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկէ այդ նիստը, իսկ նախագահ Պարաք Օպամա մերժած է Նեթանիահուի հետ հանդիպում ունենալ:

Նախորդը

Թրքական Ընդդիմութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Դամասկոս

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.