Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Նոր Միութիւն Տէրսիմի Մէջ

March 3, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

3-3-15_dersimliՊոլսաբնակ տէրսիմցի հայերու հիմնած հայրենակցական միութենէն ետք, ներկայիս Տէրսիմ բնակող հայերն ալ կազմեցին իրենց անջատ միութիւնը` «Տէրսիմի հայոց եւ ալեւիներու բարեկամութեան միութիւն» անունով: Օրինական հիմնադրութիւնը կատարած նախաձեռնարկ մարմինի անունով «Ակօս»-ի խմբագրութիւն այցելող Սերքան Սարիաթաշ յայտնեց, որ այժմ կը շարունակեն անդամագրութիւնը, որուն որոշ թիւի մը հասնելէն ետք պիտի կատարեն համագումար եւ պիտի ընտրեն վարչութիւնը:

Պոլսահայ իրականութեան վերջին տարիներու ամենահետաքրքրական զարգացումներէն կարելի է համարել յաջորդաբար հիմնուած հայրենակցական միութիւնները: Մօտաւորապէս տասը տարուան ժամանակահատուածի մը ընթացքին կեանքի կոչուեցաւ Վաքըֆլը գիւղի, Տէրսիմի, Սասուն-Պիթլիսի, Սասնայ Աճար գիւղի, Մալաթիոյ, Սեբաստիոյ պոլսաբնակ հայերու հիմնած հայրենակցական միութիւնները: Նշենք,  որ Արաբկիրի եւ Պուրունքըշլայի նման կարգ մը գաւառներու պոլսաբնակ հայեր ալ պաշտօնապէս միութեան վերածուած չըլլալով հանդերձ, կազմակերպեալ աշխատանք կը ծաւալեն իրենց երբեմնի հայրենի սովորութիւնները վառ պահելու եւ համաքաղաքացիներու միջեւ զօրակցութիւն գոյացնելու նպատակով:

Այս հոսանքէն ետք վերջերս նոր շարժում մը եւս ծայր տուած է, որ իր կարգին կը թելադրէ նոր խորհրդածութիւններ: Այժմ կրօնափոխ եղած գաւառի հայութիւնը եւս կը դիմէ միութիւններ հիմնելու գործընթացին` անցեալի ինքնութիւնը վերյիշելու, հետզհետէ վերակերտելու միտումով: Այս շրջագծով առաջին օրինակը հանդիսացաւ Մուշ քաղաքի եւ շրջակայքի բնակիչ կրօնափոխ հայերու կողմէ հիմնուած «Տարօն» հայրենակցական միութիւնը: Ան վերջերս կատարեց իր անդրանիկ համագումարը եւ ճշդեց վարչական խորհուրդը:

Մինչ այդ նախաձեռնարկ կազմը արդէն սկսած է որոշ գործունէութեանց: «Առաջի հերթին սկսանք հայերէնի դասաւանդութեան: Նախկին պոլսաբնակ այժմ Հայաստան հաստատուած Տիրան Լոքմակէօզեան Տէրսիմ ժամանեց եւ սկսաւ դասաւանդութեան: Առաջին հերթին տասնհինգ աշակերտներ ունինք, որոնց թիւը շուտով կ՛աւելնայ: 16-20 ապրիլ թուականներուն Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Տէրսիմի ժապաւէններու ցուցադրութիւն: Տէրսիմի աշխարհագրութիւնը, ազգագրութիւնը եւ պատմութիւնը նիւթ առած բազմաթիւ վաւերագրական, գեղարուեստական եւ կարճամեթրաժ ժապաւէններ նկարահանուած են, որոնցմէ կազմուած ընտրանիով մը պիտի ներկայանանք Հայաստանի հասարակութեան: Բացի այդ, Տէրսիմի շրջակայքի գիւղապետներէ բաղկացող պատուիրակութիւն մըն ալ Հայաստան պիտի այցելէ եւ շփումներ պիտի ունենայ շրջանային վարիչներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ»:

Իսկապէս հետաքրքրական եւ ոգեւորիչ են ատենապետ Սերքան Սարիաթաշի յայտարարութիւնները, որոնք ինքնաբերաբար պիտի արժանանան հայ ժողովուրդի ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին միտք տանջող զանազան շրջանակներու ուշադրութեանց:

 

«Ակօս»

 

Նախորդը

Որպէսզի Իրերը Շարունակեն Ապրիլ Եւ Յուշել – Առցանց Թանգարանի Ծրագիր

Յաջորդը

«Ականատեսը». Երանի, Որ Չէք Տեսել. Եպրաքսի Գէորգեանը` Գաղթի Ու Ամերիկեան Որբանոցում Անցկացրած Տարիների Մասին

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.