
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ:
Մաշնուք նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանին սպառնացող ահաբեկչութեան մարտահրաւէրները:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք շեշտեց յաջորդ արաբական վեհաժողովին ընթացքին գոյանալիք համաձայնութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով արաբական աշխարհին դիմագրաւած տագնապներն ու դժուարութիւնները:
Մաշնուք յայտնեց, որ մարտին տեղի ունենալիք 26-րդ Արաբական վեհաժողովին մասնակցելիք լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ վարչապետ Թամմամ Սալամ` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող բարդ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու դժուարութիւնը:


