Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Շրջանին Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Իմաստով Լիբանան Մեծ Դերակատարութիւն Ունի»

February 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պասիլ - Քորիա հանդիպումէն պահ մը
Պասիլ – Քորիա հանդիպումէն պահ մը

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ Լատինական Ամերիկայի երկիրներ կատարած իր շրջապտոյտին ծիրին մէջ կը գտնուէր Էքուատոր, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Էքուատորի նախագահ Ռաֆայել Քորիայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Էքուատորի տնտեսական, կրթական եւ ելեւմտական մարզերուն իրավիճակը եւ այդ առումով լիբանանեան գաղութին ունեցած ներդրումը:

Քննարկուեցաւ նաեւ Էքուատորի մէջ լիբանանեան դեսպանատուն բանալու կարեւորութիւնը:

Քորիա բարձր գնահատեց Էքուատորի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութը` մաղթելով, որ Պասիլի հետ իր հանդիպումին լոյսին տակ կարելի կ՛ըլլայ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց Էքուատորի, որ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին:

Ան աւելցուց, որ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով Լիբանան մեծ դերակատարութիւն ունի` նկատի ունենալով, որ ան կը ներկայանայ իբրեւ ներողամտութեան օրինակ:

Պասիլ յայտնեց, որ բոլոր երկիրները գիտեն ահաբեկչութեան սպառնացած վտանգին կշիռը` աւելցնելով, որ Լիբանան ոչ միայն գետնի վրայ, այլեւ գաղափարախօսական մակարդակի վրայ կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ:

Պասիլ իր կարգին հաստատեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ էքուատորցի իր պաշտօնակիցին` Ռիքարտօ Փաթինոյի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախարարները ստորագրեցին քաղաքական փոխադարձ գործակցութեան մասին համաձայնագիր մը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը:

Պասիլ զգուշացուց ՏԱՀԵՇ-էն, որ ոչ միայն Միջին Արեւելքին կը սպառնայ, այլեւ` ամբողջ աշխարհին: Ան հաստատեց, որ Մուսուլի մէջ եզիտիները բռնագաղթի ու սպանդի ենթարկած ՏԱՀԵՇ-ը տակաւին մօտիկ անցեալին գլխատեց 21 ղպտիներ, իսկ տակաւին քանի մը օր առաջ նոյն ոճրային արարքները գործուեցան Սուրիոյ մէջ ասորի համայնքին գիւղաքաղաքներուն դէմ:

Պասիլ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու իր կամքը եւ ուժը յարատեւ վերանորոգելու:

Պասիլ Փաթինոյի յանձնեց Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը:

Իր կարգին, Փաթինօ գնահատեց Էքուատորի լիբանանեան գաղութը եւ անոր ունեցած ներդրումը` երկրին բարգաւաճման մէջ:

Ան հաստատեց, որ Էքուատոր համամիտ է  Լիբանանին` ահաբեկչութեան դէմ անոր կեցուածքներուն առումով եւ աւելցուց, որ երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուելիք դիւանագիտական յարաբերութիւններուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել:

Նախորդը

Քանտիլ. «Թուրքիա Կը Նկատուի ՏԱՀԵՇ-ը Ֆինանսաւորելու Եւ Անոր Զինուորական Գործողութիւնները Հովանաւորելու Աղբիւրը»

Յաջորդը

Բանակը Իր Ամբողջական Հակակշիռին Տակ Առաւ Թալլեթ Ժրաշը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.