Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսերէն Հրատարակութիւն Քրիստափոր Միքայէլեանի Մասին

February 24, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

22415_MikayelianԱնահիտ Տէր Մինասեան կը գրէ, որ ներկայ ժամանակաշրջանին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին, երբ զայն նշող ձեռնարկները եւ համալսարանական կամ գեղարուեստական երկերը կը բազմանան` Արա Գրիգորեանի «Քրիստափոր Միքայէլեան եւ թուրք սուլթանը` մեծ մարտահրաւէրը» գիրքը ինքըստինքեան եղելութիւն մըն է, որովհետեւ կը շեղի հայ ժողովուրդը իբրեւ զոհ ներկայացնելու ընթացքէն: Հեղինակը այդ գիրքին վրայ աւելցնելով «Քրիստափոր Միքայէլեանն ու անոր ժամանակը` նշանները»-ը եւ վերլուծութիւնը ընդլայնելով` հեղինակը կանգնեցուցած է յուշակոթող մը, առ ի յիշատակ այն մարդոց, որոնք 20-րդ դարու սկիզբը յանուն արդարութեան եւ արժանապատուութեան պայքարեցան եւ յաճախ իրենց կեանքը զոհեցին օսմանեան եւ ռուսական կայսրութեանց մէջ հայ ժողովուրդի ընկերային ու քաղաքական ազատութեան համար:

Սկզբնաղբիւր Եղող Երկ Մը

Քրիստափոր Միքայէլեան (1859-1905) հայկական սփիւռքի մէջ դաշնակցական բոլոր ակումբներու պատերուն վրայ գտնուող սրբանկարային պատկեր մըն է: Ան միշտ կը զետեղուի Ռոստոմի (1867-1919) եւ Սիմոն Զաւարեանի (1866-1913) իր կազմած կուսակցութեան հիմնադիր եռեակի լուսանկարներուն կեդրոնը: Եւ թէեւ անոր անունը յաճախ կը մէջբերուի բանախօսութեան, յօդուածներու կամ յեղափոխական երգերու մէջ, Քրիստափոր Միքայէլեան մեզի համար կը մնայ անծանօթ մը:

Ահա այս բացը լրացնելու համար է, որ Արա Գրիգորեան ձեռնարկած է անոր կեանքն ու գործը ներկայացնելու: Ան կը բացայայտէ մարդ մը, որուն գաղափարներն ու գործունէութիւնը ծանօթ էին միայն հայ գրականութեան ծանօթ կուսակցականներու: Այս մէկը պատմական սովորական գիրք մը չէ, այլ` պատմական վէպ մը, որ ուղղուած է լայն հասարակութեան, եւ այդ է անոր մեծ արժէքը:

Մանրակազմ եւ կաղ Քրիստափոր կը յաջողի իւրաքանչիւր հանգրուանի ներշնչել: 1894-1896 համիտեան ահաւոր ջարդերը, որոնք 300,000 զոհ պատճառեցին, զինք չեն շեղեր իր նպատակէն: «Պանք Օթոման» գործողութեան եւ անոր յաջորդող Խանասորի գործողութեան յաջողութենէն ետք, Քրիստափոր ՀՅԴ-ի ջանքերը կ՛ուղղէ Եւրոպայի մէջ Հայ դատի ի նպաստ քարոզչութեան:

Ջարդերու զոհերուն վրէժը լուծելու գաղափարէն տարուած` Քրիստափոր կ՛ուզէ մահապատիժի ենթարկել «Կարմիր սուլթան»-ը: Ան կը կազմակերպէ «Նժոյգ» գործողութիւնը: Ան զինակիցի մը հետ կը մահանայ սուլթանի մահափորձին համար օգտագործուելիք ռումբի մը փորձարկման ընթացքին:

 

 

Նախորդը

Թաներ Աքչամ. «Թուրքիա Ինչպէ՞ս Պէտք Է Առերեսուի Իր Պատմութեան Հետ»

Յաջորդը

Ականատես. «Յղի Կանանց Փորը Կը Ճեղքէին Նախքան Սպաննելը Եւ Դուրս Կը Հանէին Մանկիկները»

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.