Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ 29 յուլիսին զօրամասի մէջ ժամկէտային զինուոր Էդուարդ Ալավերտեանի մահուան դէպքին առիթով յարուցուեցաւ քրէական գործ` ենթական անձնասպանութեան հասցնելու յատկանիշներով:
Քրէական գործին համաձայն, 19-ամեայ զինուորը մարտական յենակէտին վրայ իրեն ամրակցուած գնդացիրէն վիրաւորած է ինքզինք, ինչ որ պատճառ դարձած է անոր մահուան:
Կարապետեան նշեց, որ երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան կողմէ պիտի ձերբակալուէր զինուորը անձնասպանութեան մղող կասկածելի անձը:
19-ամեայ Էդուարդ Ալավերտեան Հրազդան քաղաքէն էր:


