Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԸՆԴԼԱՅՆԵՑ

August 2, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քեթրին Էշթըն

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ժէյշել Շաապ» պարբերաթերթին մէջ սուրիական բանակի հիմնադրութեան 66-ամեակին առիթով յղած իր ուղերձին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ հայրենասիրական եւ ազգային սկզբունքները թշնամիներուն ատելութիւնը կ՛աւելցնեն` նշելով, որ Սուրիա ժողովուրդին արթնութեամբ եւ ազգային միասնականութեամբ կարողութիւնը ունի շրջանը մասնատելու իբրեւ նախաքայլ Սուրիան մասնատելու «դաւադրութեան այս նոր հանգրուանը ձախողութեան մատնելու»:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ թշնամիները ուզեցին երկրին մէջ ամէն ինչ քանդող դաւադրութիւն մը ստեղծել, սակայն սուրիացի ժողովուրդը կրցաւ այդ դաւադրութիւնը ձախողութեան մատնել:

Ասատ շեշտեց, որ ընթացք առած համապարփակ բարեփոխումի կառքը կանգ պիտի չառնէ, իսկ Սուրիա ներկայ տագնապէն դուրս պիտի գայ աւելի զօրացած եւ շրջանային ու միջազգային մակարդակի վրայ աւելի մեծ եւ ազդու ներկայութեան մը վերածուելով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն առնչութեամբ եւ Դամասկոսէն պահանջեց քաղաքայիններուն դէմ բռնի ուժի կիրարկումը դադրեցնել: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր կարգին Սուրիոյ մէջ բռնարարքները «սարսափազդու» որակեց եւ սպառնաց նախագահ Ասատը յաւելեալ մեկուսացումի ենթարկել:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը վարող Գերմանիա Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն հարցով արտակարգ նիստի մը հրաւիրեց: Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթինի իր կարգին կոչ ուղղեց` նոյն հարցով Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ մը գումարելու: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ կոչ ուղղեց` սուրիական վարչակարգին վրայ աւելի ուժեղ ճնշում բանեցնելու, եւ նշեց, որ «զինուորական միջամտութիւնը հեռաւոր կարելիութիւն մըն է»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն յայտարարեց, որ «Համայի մէջ սուրիական ապահովական ուժերու արշաւը անարդարանալի յարձակում մըն է»: Ան յայտնեց, որ «ցնցուած» է քաղաքայիններու շարքերուն մէջ արձանագրուած զոհերուն թիւին մասին լսելով:

Մինչ այդ, Եւրոպական Միութիւնը սուրիական կառավարութեան դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ընդլայնեց եւ սպառնաց զանոնք խստացնել: Որդեգրուած որոշումին հիմամբ, Սուրիոյ իրադարձութեանց առնչակից յաւելեալ հինգ անձերու դրամատնային հաշիւները սառեցուեցան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ անոնց մուտքը արգիլուեցաւ: Եւրոպական Միութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բռնարարքներուն վերջ դնելու համար միջոցառումներու ձեռնարկելու:

Մեկնաբանելով Եւրոպական Միութեան որոշումը` Էշթըն յայտնեց, որ վերջերս Համայի մէջ տեղի ունեցածէն ետք սուրիական վարչակազմը ցոյց տուաւ, որ «բարեփոխումներ կատարել չ՛ուզեր»: Ան համոզում յայտնեց, որ «ժամանակը հասած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Դամասկոսի հարցով յստակ որոշում մը որդեգրէ եւ (Սուրիոյ մէջ) բռնարարքներու դադրեցումը պահանջէ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կիրակի օր դատապարտեց Համայի իրադարձութիւնները` յայտարարելով, որ Համայի դէմ սուրիական բանակի գործողութիւնը «ամբողջովին սխալ է», «անարդարանալի է» եւ «մենք բուռն կերպով կը դատապարտենք զայն»:

 

Նախորդը

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾԱԽՍԵՐՈՒ ԿՐՃԱՏՈՒՄԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՆ ՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ ՓՐԿԵՑ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԷ

Յաջորդը

ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵՑ ՀԱՅԱԶԳԻ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ՍՊԱՆՆԱԾ ԱՂԱՕՂԼՈՒՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.