
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ առաւօտ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի երկու պալատներու հանրապետական եւ դեմոկրատական ներկայացուցիչները Միացեալ Նահանգներու պետական պարտքի առաստաղի բարձրացման օրինագիծին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Համաձայնութիւնը գոյացած է կիրակի օր` Օպամայի, ծերակոյտին մէջ հանրապետական փոքրամասնութեան ղեկավար Միչ Մաքքոննելիի եւ դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Հարի Ռիտի միջեւ 11 ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք:
Օպամա քոնկրեսականներուն կոչ ուղղած է` «յառաջիկայ օրերուն» որդեգրելու 3 եռիլիոն տոլարով պետական պարտքը բարձրացնելու երկփուլ ծրագիրը: Միջոցառումներու փոխզիջումային թղթածրարը կ՛ենթադրէ պետական պարտքի առաստաղի բարձրացման զուգահեռ յառաջիկայ տասը տարուան ընթացքին նոյն չափով կրճատել պետական ծախսերը: Սակայն դեմոկրատականներու պահանջին համաձայն, տուրքերու բարձրացում չի նախատեսուիր: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ տասը տարուան ընթացքին զինուորական պիւտճէն կրճատուի 350 միլիառ տոլարով:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշած է, որ վերջնական որոշում առայժմ չէ տրուած, եւ քոնկրեսականներուն կոչ ուղղած է ճիշդ ընտրութիւն կատարելու եւ օրինագիծը որդեգրելու:
Այսօր Միացեալ Նահանգներու պետական պարտքի առաստաղի բարձրացման վերջին ժամկէտն է: Երկրին նոր վարկեր ստանալու կարելիութիւն տուող օրէնքի բացակայութեան պարագային, Միացեալ Նահանգներ ստիպուած պիտի ըլլան պետական պարտքերու վճարման թեքնիք անկարողութիւն յայտարարել: Բազմաթիւ տնտեսագէտներ կը նախատեսեն, որ ատիկա համաշխարհային տնտեսութեան համար ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ:


