Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երրորդ Տարին Ըլլալով` Հարիւր Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Կրթանպաստ Համալսարանականներու Եւ Աշակերտներու` ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ

February 19, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

21815afhilՅաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով երէկ` չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանականներ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ ստացան ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ իրենց տրամադրուած կրթանպաստը:

Յատուկ այս հանդիսութեան բացումը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն, Յակոբ Լատոյեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ տողերու մէջ յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան, նպատակին եւ գլխաւոր իրագործումներուն:

1998-ին շուրջ 365 անդամներով հայ ընկերային ծառայողներու, ԼՕԽ-ի եւ Համազգայինի կողմէ հիմնուած իրերօգնութեան այս կազմակերպութիւնը հետզհետէ իր գործունէութիւնը ծաւալելով, 2014-ին վեց հազար անդամներու բարձրացուց իր թիւը:

Յակոբ Լատոյեան
Յակոբ Լատոյեան
Յակոբ Բագրատունի
Յակոբ Բագրատունի

2006-ին հիմնեց մարզական կեդրոններ` Պուրճ Համուտի եւ ապա` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Մօտերս կը ծրագրուի հիմնել մարզական երրորդ կեդրոնը` Ֆանարի մէջ: ԱՖՀԻԼ այս տարի կը ծրագրէ հրատարակել 48 էջերէ բաղկացած 1500 տպաքանակով նախազգուշական պարբերաթերթ` տարեկան հինգ թիւերով:

«Մեր ուսանողները մեր ապագան են» ըսելով Լատոյեան նշեց, որ այս տարի հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի պիտի տրամադրուի կրթանպաստի, որուն յիսուն միլիոնը պիտի յատկացուի համալսարանական ուսանողներուն, երեսուն միլիոնը` դպրոցական աշակերտներուն եւ քսան միլիոնը` ԼՕԽ-ին, «Զուարթնոց» կեդրոնին, «Հորիզոն»-ին եւ Համազգայինին:

Ապա ան խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին:

«Սրտի խօսքէ աւելի, ես հպարտութեան խօսք կ՛ուզեմ փոխանցել, ա՛յն հպարտութեան, որ ԱՖՀԻԼ-ի նման հաստատութիւններ մեր ժողովուրդին կու տան», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի` նշելով ծաղկամանին օրինակը, որուն փշրուելէն ետք միայն կը զգանք անոր կարեւորութիւնը, ինչպէս մեր ազգօգուտ գործունէութեամբ յատկանշուող միութիւններու պարագան: «ԱՖՀԻԼ-ը մէկն է մեր ազգային այն միաւորներէն, որ հաւաքական պատասխանատուութեան լաւագոյն օրինակը կը ցոլացնէ, իսկ հաւաքական պատասխանատուութիւնը մեզ կը մղէ ու կը տանի հաւաքական զօրակցութեան», շեշտեց Բագրատունի` դիտել տալով, որ թէեւ անհատաբար կը գործենք, բայց չենք հասնիր հոն, ուր կարելի է հասնիլ, երբ հաւաքաբար կը գործենք:

Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ ԱՖՀԻԼ-ը ժողովուրդէն կ՛առնէ եւ փոխարէնը ժողովուրդին կը մատուցէ ծառայութիւն եւ կը տրամադրէ նիւթական օգնութիւն` համալսարանականներու, աշակերտներու եւ մեր կեանքին մէջ գործող չորս ազգային միաւորներու: «Կու տայ մեր ժողովուրդի յատկապէ՛ս երիտասարդ դասուն` որոշ չափով թեթեւցնելով անոր կրթական նիւթականի բեռը», ընդգծեց ան:

«Երիտասարդութիւնը մեր ժողովուրդի ներկան է եւ մեր ապագան: Երիտասարդութիւնը ի՛նքն է, որ մեր ժողովուրդի գոյատեւումը կ՛ապահովէ, ի՛նքն է, որ մեր ժողովուրդին ապագան կը կերտէ եւ ի՛նքն է, որ կը շարունակէ զարգացնել, աւելի բարգաւաճ դարձնել մեր ապագայ տարրին կեանքը», ընդգծեց Բագրատունի եւ աւելցուց, «Մեզի կը մնայ երախտապարտ ըլլալ, որովհետեւ երախտագիտութիւնը մարդկային լաւագոյն առաքինութիւններէն է, գիտնա՛նք շնորհակալութիւն ըսել եւ հետագային չբաւարարուիլ «շնորհակալութիւն» ըսելով, այլ` նուիրել, ուրախութեա՛մբ նուիրել, վերադարձնել այն, ինչ որ տրուած է մեզի»: Բագրատունի այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՖՀԻԼ-ին, անոր աշխատակազմին ու անոր հետ գործող միաւորներուն եւ տնօրէնին, որ ոգի ի բռին լծուած է այս աշխատանքի յաջողութեան:

Աւարտին, ուսանողները ստացան իրենց կրթանպաստը:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Մարդկային Մարմինի Մակաբոյծեր` Կանխարգիլում Եւ Բուժում» Նիւթով

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Գլխաւոր լուրեր

October 15, 2026
Ակնարկ.  Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը

October 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն  Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.