Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ-ն Գոհ Է Իր Քաղաքական Դաշինքներուն Առումով Եւ Գործակցութեան Ձեռք Կ՛երկարէ Բոլորին» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

February 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hagop-Pakradouni2ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն փոփոխութիւնը ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդէ աշխատանքին ընթացքին վրայ:

Ան շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական սկզբունքները կը մնան նոյնը, իսկ քաղաքական աշխատանքն ու դաշինքները փոփոխութեան ենթակայ չեն: ՀՅԴ-ն իր գործունէութեան շրջագիծին մէջ կը վերահաստատէ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան կառչած մնալու, ազգային համերաշխութեան ու համակեցութեան զօրակցելու, եւ յատկապէս այս հանգրուանին երկրին հարցերն ու տագնապները երկխօսութեամբ լուծելու իր յանձնառութիւնը:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն ունի իր ազատ որոշումը, եւ վերյիշեցնելու գնով ընդգծեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը անկախ իր դաշնակիցներէն խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկրորդ երկարաձգումին դէմ քուէարկած է:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ն Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ մօտիկ կապեր ունի եւ ան քաղաքական իր դաշինքներուն առումով գոհ է, ինչպէս նաեւ գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ բոլորին, յատկապէս երկխօսութեան այս մթնոլորտին ներքեւ:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ինք պիտի շարունակէ ներկայ գտնուիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նիստերուն` շեշտելով, որ իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, ինք յաւելեալ աշխատանքով եւ ջանքով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` անսալով քաղաքացիներուն պահանջներուն:

Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրուիլը մեծ պատասխանատուութիւն է, «այդ պատասխանատուութեան տէր կանգնելով  ամբողջ Լիբանանին ծառայած կ՛ըլլանք եւ ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմը Պէտք Է Ըլլայ Միացեալ»

Յաջորդը

«Կոչ Կ՛ուղղենք Վերաշխուժացնելու Նախագահի Ընտրութեան Ներքին Լիբանանեան Ջանքերը Եւ Կը Զօրակցինք Ահաբեկչութեան Դէմ Ազգային Ռազմավարութիւն Մը Մշակելու Առաջարկին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին  Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.