Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եոհան»-ի Ուժգնութիւնը Հետզհետէ Կը Նուազի

February 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

21315_yohan_tsunԼիբանանը հարուածող «Եոհան» ձիւնամրրիկին ուժգնութիւնը հետզհետէ կը նուազի, լեռներուն վրայ եւ գիւղերուն մէջ առատ ձիւն, իսկ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ մեծաթիւ աւերներ ձգելով իր ետին:

Կը նախատեսուի, որ այսօրուընէ սկսեալ փոթորիկը գրեթէ աւարտի, սակայն Պէյրութի մէջ ջերմաստիճանը պիտի շարունակէ տարուբերիլ 9-11-ի միջեւ, իսկ գիւղերուն մէջ պիտի հասնի մինչեւ զերոյի:

Նախորդ երկու օրերուն ընթացքին տեղատարափ անձրեւները շարունակուեցան, իսկ ծովուն մակերեսէն 700 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնեց:

Տահր Պայտարի, Ժըպ Ժըննինի, Քֆարզըպիանի, Քըպ Էլիաս-Մաշղարայի, Տուհուր Շուէյրի եւ Պթըղրինի ճամբաները բաց մնացին շղթայով օժտուած անիւներ ունեցող ինքնաշարժներուն դիմաց, իսկ Թարշիշ-Զահլէ, Պարքա-Այնաթա, Հերմել-Քամուհա, Ույուն Սիման, Հատաս-Պաալպեք, Մաասեր Շուֆ-Քըֆրայա ճամբաները փակ մնացին` ձիւնին պատճառով:

Սայտայի եւ Սուրի նաւահանգիստներուն մէջ «Եոհան» ահաւոր վնասներ պատճառեց ձկնորսներուն նաւակներուն:

21315_zaayter_dbayeՄիւս կողմէ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ ուղղուեցաւ Տըպպայէ` ստուգելու համար փուլ եկած ծովային ճամբան:

Ան շեշտեց, որ այդ ճամբուն հասած վնասներուն համար ոչ ոք կարելի է մեղադրել` աւելցնելով, որ անոր փուլ գալուն պատճառը պարզապէս նորոգութիւններ կատարելու իմաստով թերացումին մէջ չի կայանար:

Զաայթեր շեշտեց, որ նախանցեալ օր շինարարական ընկերութեան մը պարտականութիւն տրուեցաւ վերանորոգելու այդ ճամբան` աւելցնելով, որ աւելի ուշ ճամբան ամբողջովին պիտի շինուի:

 

Նախորդը

Կեցուածքներ` Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 10-Ամեակին Առիթով Կեցուածքներ

Յաջորդը

Կառավարութեան Գործելաձեւի Բարեփոխումին Իմաստով Վարչապետ Սալամ Խորհրդակցութիւններ Կը Կատարէ

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.