Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Բազմամարդ Նշում` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

February 14, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0085Ուրբաթ, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Բացատրեց, թէ մեր եկեղեցւոյ հայրապետները զոյգ առիթները` Քրիստոսի 40-օրեայ տաճար ընծայումը, նաեւ մեր ազգային սովորութեան համաձայն Տեառնընդառաջի տօնին առիթով լոյս տենջալու համար բարերարէն` խարոյկ վառելու արարողութիւնը իմաստուն կերպով իրարու հետ միաւորած են, որպէսզի զգանք եւ անդրադառնանք, թէ լոյսը մեր կեանքին մէջ կը խորհրդանշէ այն, ինչ որ Աստուծոյ կողմէ կու գայ: Լոյսին մէջ Աստուած կը յայտնուի, եւ երբ այդ լոյսը մեր մէջ ծագի, մեզ ալ կը լուսաւորէ` մեր կեանքէն վանելով այն բոլոր մտահոգութիւնները, կեանքի անստուգութիւնները, մտատանջութիւններն ու դժուարութիւնները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան:

«Պէտք է ունենանք լուսաւոր այն աչքերը, որոնք աշխարհի այս մշուշին մէջէն կրնան թափանցել եւ տեսնել մեր փրկիչը, որ ամէն օր իր Աւետարանի լոյսով եւ իր պատգամներով մեզի կու գայ, որպէսզի մենք զինք տեսնելով ու զգալով եւ իր խօսքերը լսելով` կերպարանափոխուինք եւ դառնանք նոր արարածներ` ընդունակ Աստուծոյ շնորհին, դառնանք նոր էակներ որոնց մէջ Աստուծոյ յոյսը հանգչած է», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յայտնեց, որ մեր նախահայրերուն օրինակով եւ դարաւոր աւանդութեան մը հետեւողութեամբ մենք ալ պիտի վառենք խարոյկը` նշելով, որ կրակը մաքրիչ, զտիչ յատկութիւն ունեցող իրականութիւն է այս աշխարհին մէջ: «Մեր նախահայրերը իրենց գոյութեան ընթացքին յոյս փնտռած են: Փնտռած են նաեւ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ այդ մաքրիչ կրակի բոցերուն ընդմէջէն զգացած են, թէ լոյսն է, որ կը մաքրէ, կը զտէ եւ կը նորոգէ մարդը», շեշտեց սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը մաղթեց, որ առկայծ խարոյկը լուսաւորէ մեր կեանքը, յոյս եւ շնորհ բերէ մեր տուներուն եւ իր օրհնութիւնը առատացնէ մեր հաւաքականութեան վրայ:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը:

Նախորդը

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 5). Ութսունհինգամեայ Անսակարկ Վաստակ Հայ Ժողովուրդի Անդաստանէն Ներս

Յաջորդը

Այնճարի Մէջ. Վարդանանց Ճակատամարտին, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նուիրուած Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.