Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քառասնօրեայ Պահեցողութիւնը Եւ Միջինք

February 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԲԵՆԴԵԶԵԱՆ

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վարդապետութեան, ինչպէս նաեւ ծիսական ու քարոզչական կեանքին կարեւորագոյն բաժինը կը հանդիսանայ պահեցողութեամբ ու ծոմապահութեամբ ամրապնդել հաւատացեալին հոգեկան աշխարհը եւ անոնց ընդմէջէն զարկ տալ անոր հաւատքի առողջ աճման:

Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը կը հանդիսանայ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ ամէնէն երկար ժամանակաշրջանը ունեցող պահեցողութիւնը, որ այդ իսկ պատճառով նաեւ կը կոչուի Մեծ պահք: Անոր թուականը փոփոխական է եւ կը ճշդուի մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի յարութեան տօնին հիման վրայ, ուստի ան կը սկսի Բուն Բարեկենդանի երկուշաբթի օրէն եւ կ՛երկարի մինչեւ Ս. Յարութեան Աւագ շաբաթը: Աւագ Շաբաթը իր կարգին պահքի շաբաթ ըլլալով` Քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը առանց ընդմիջումի կ՛երկարի մէկ շաբաթ եւս: Այսպիսով, Մեծ պահքի ընդհանուր տեւողութիւնը կ՛ըլլայ շուրջ եօթը շաբաթ կամ քառասունութ օր:

Հայ եկեղեցւոյ հայրապետները, իրենց իմաստուն դասաւորումով, քառասնօրեայ պահեցողութեան իւրաքանչիւր կիրակին ձօնած են աստուածաշնչական դրուագի մը: Այսպէս, Բուն Բարեկենդանի կիրակին` դրախտի կեանքին խորհրդանիշ: Արտաքսման կիրակին` մարդու անհնազանդութեան պատճառով դրախտէն դուրս դրուելուն խորհրդանիշ: Անառակին կիրակին` Աստուծոյ տուած կեանքը անվայել կերպով չմսխելու, այլ գիտնալու, թէ Աստուծոյ մօտ է, որ մենք միայն կը գտնենք ուրախութիւն, ապաւէն եւ փրկութիւն: Տնտեսին կիրակին` գիտնալ մեզի տրուած շնորհները լաւապէս օգտագործել Աստուծոյ համակրանքը շահելու համար: Դատաւորին կիրակին` անդադար աղօթելով փրկութիւն ստանալու խորհրդանիշ: Գալստեան կիրակին` Քրիստոս մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձնելու խորհրդանիշ: Ծաղկազարդի կիրակին` Քրիստոսի ներկայութեամբ եւ հաւատքով զօրացած, աստուածատուր շնորհներով մեր կեանքը ծաղկազարդուած դարձնելու խորհրդանիշ:

Պահեցողութեան ընթացքին քրիստոնեայ հաւատացեալներ հեռու մնալով կենդանական ուտեստներէ` պէտք է զօրացնեն իրենց կամքը եւ ամրապնդեն իրենց հաւատքը: Անոնք պահքի ընթացքին մաքրելով իրենց մեղքերը` պատրաստ պէտք է ըլլան Քրիստոսի յարութեամբ մարդուն տրուած փրկութիւնը ստանալու:

Մեծ պահքի ճիշդ կիսուն, չորեքշաբթի, Հայ եկեղեցին կը նշէ միջինքը, որ պահ մը առիթ կու տայ այն հաւատացեալներուն, որոնք պահեցողութիւն չեն ըրած տակաւին, պահք պահելու եւ վերաքննութեան ենթարկելու իրենց հոգեկան աշխարհը:

Կիրակնօրեայ վարժարաններու տնօրէն,
Քրիստոնէական բաժանմունքի պատասխանատու
ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԲԵՆԴԵԶԵԱՆ

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

Յաջորդը

ԼՕԽ-ն Ու Երիտասարդները

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.