Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

February 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անի» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի Ժտէյտիի «Անի» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 19 դեկտեմբեր 2014-ին, շրջանի «Անի» ակումբին մէջ:

Վարչութեան ատենապետ Հուրի Պաճիքեան խօսք առնելով` իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի հսկայ գործունէութեան եւ աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Ամանորին կիրարկուող աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու մասին տեղեկութիւններ:

Կաղանդ մաման ուրախ մթնոլորտ ստեղծեց իր զուարճախօսութեամբ եւ նուէրներ տրամադրեց ներկաներուն: Յայտագիրը իր երգերով ճոխացուց Սեւան Ադամեան:

«Հայաշէն» Մասնաճիւղ

Նոր տարուան առիթով ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 18 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, Հայաշէնի

Ժողովրդային տան` «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային վարչութենէն Սօսի Արամեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարկօ Կոտալազեան, ԼՕԽ-ի կարգ մը մասնաճիւղերէ հրաւիրեալներ, անդամուհիներ եւ թաղեցիներ:

Բացման խօսքով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց միութեան ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան, որ նախ շնորհաւորեց անոնք, որոնք Յակոբ անունը կրող հարազատներ ունին, մաղթելով անոնց քաջառողջութիւն: Ապա Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւններէն ետք ներկաներուն փոխանցեց Հայաստանի զանազան գաւառներու, հայկական Նոր տարուան, աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններ` սկսեալ Վանէն, Մուշէն, Սասունէն, Կիլիկիայէն, Արցախէն եւ հասնելով Երեւան. ան յայտնեց, որ այդ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները մինչեւ օրս կը գործադրուին: Ան նաեւ ներկայացուց այն տեսականի միրգերը, ուտեստեղէնը եւ անուշեղէնները, որոնք կը զարդարեն մեր սեղանները, եւ որոնց ներկայութիւնը  առատութիւն եւ բարեբերութիւն կը խորհրդանշեն: Շ. Պաղտասարեան յիշեց նաեւ տան անդամներուն միջեւ եղած յարգանքը իրարու հանդէպ` հարս, կեսուր եւ զաւակներ, իրարու միջեւ փոխանցուած նուէրները եւ այլն, մաղթեց, որ շարունակուին եւ յարատեւեն այդ բոլորը: Ուրախ մթնոլորտի մէջ դիմաւորուեցաւ Կաղանդ պապուկը, որ երգերով ու պարերով զուարճացնելէ ետք բոլորը, ներկաներուն նուէրներ բաժնեց: Ներկաները ճաշեցին վարչականներուն ձեռամբ պատրաստուած համեղ ճաշերը: Բոլորը գոհունակ սրտով իրարմէ բաժնուեցան` մաղթելով աշխարհին, յատկապէս Լիբանանին խաղաղութիւն:

«Անահիտ» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի Մար Եուսեֆ շրջանը կազմակերպած էր Ս. Սարգիսի նուիրուած ձեռնարկ, որ տեղի ունեցաւ շրջանի ակումբին մէջ, 10 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացումը կատարեց ատենապետ Աստղիկ Կէտիկեան:

Օրուան բանախօսն էր Մատլէն Տանակէօզեան, որ խօսեցաւ ծաղիկներու մասին եւ այդ նիւթին ընդմէջէն անդրադարձաւ անմոռուկ ծաղիկին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Կատարուեցաւ տարեկան վիճակահանութիւն, որուն համար տրամադրուած էր մէկ նուէր:

Ապա ճաշը հրամցուեցաւ, նաեւ Ս. Սարգիսի հրուշակ: 75 հոգիի ներկայութեամբ կայացած ձեռնարկին ընթացքին տիրեց ուրախ մթնոլորտ:

 

 

Նախորդը

Բազմակողմանի Կարողութիւններու Տէր Ջաւօ Շանթ

Յաջորդը

Քառասնօրեայ Պահեցողութիւնը Եւ Միջինք

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.