Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմակողմանի Կարողութիւններու Տէր Ջաւօ Շանթ

February 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

21415_chavoՋաւօ Շանթ բարձրագոյն կրթութեամբ օժտուած կին մըն էր, որ ունէր գրական եւ գիտական բազմակողմանի ծանօթութիւններ:

Ջաւօ Շանթ 1903-ին կ’ամուսնանայ Լեւոն Շանթի հետ: Իր կեանքը կը կապէ մեծանուն գրագէտին, կ’ապրի մտաւորական ընտանիքի շրջանակին մէջ եւ կը յարգուի բոլորէն:

Իր հասարակական գործի փայլուն շրջանը կը սկսի 1910-ին, Պոլսոյ մէջ, ուր Սաթենիկ Օհանջանեանի հետ կը նուիրուի Աշխատանքի տան կազմակերպութեան: Ջաւօ Շանթ կը կազմէ դաշնակցական կիներու խումբ մը, որ բացառաբար կը լծուի կիներու կազմակերպման գործին: Այս խումբի նախաձեռնութեանբ հիմը կը դրուի Պոլսոյ Աշխատանքի տան:

1911-1913 քանի մը տարուան անձնուէր աշխատանքին մէջ Ջաւօ եւ իր ընկերուհիները նոր հետաքրքրութիւն մը յառաջ կը բերեն պոլսական միջավայրին մէջ եւ կը մղեն իգական սեռը դէպի հասարակական աշխատանք:

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին կը հաստատուի Երեւան: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1921-ին, կ’անցնի արտասահման, Եւրոպա, ապա Եգիպտոս եւ վերջապէս` Հալէպ եւ վերջնականօրէն կը հաստատուի Պէյրութ:

Ջաւօ Շանթ 1924-ին կարգ մը ընկերուհիներու եւ կիներու հետ հիմը կը դնէ Ֆրանսայի Հայ կարմիր խաչին, որ յետոյ Կապոյտ խաչ կը կոչուի: Կնոջական այս կազմակերպութիւնը քանի մը տարուան ընթացքին կը ծաւալի` կեդրոն ունենալով Փարիզը: Ջաւօ Շանթ տասը տարի իր մասնակցութիւնը կը բերէ օգնութեան գործին` միշտ գտնուելով Կեդրոնական վարչութեան մէջ:

1936-էն ետք Ջաւօ Շանթ աշխատանքի կը լծուի Լիբանանի եւ Սուրիոյ օգնութեան խաչերուն մէջ:

1942-ին, Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն, Լոլա Սասունիի հետ կը հիմնեն «Պնակ մը կերակուր»-ի ձեռնարկը:

1938-ին Քարանթինայի շրջանի մէջ կը հիմնէ ԼՕԽ-ի առաջին դարմանատունը:

1945-ին, երկար հիւանդութենէ ետք, կը մեռնի:

Նախորդը

Տեսակէտ. Որոշ Նկատառումներ Սիրիայի Տագնապի Մասին

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.