Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Բարերար Կարպիս Լ. Նազարեան Ոչ Եւս Է

February 11, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

21015_Garbis-NazarianԿիրակի օր իր մահկանացուն կնքեց Ազգային բարերար Կարպիս Լ. Նազարեան: Նազարեան ծնած է Այնթէպ 24 ապրիլ 1915-ին:

Սերած է Բագրատունեաց մայրաքաղաք Անիէն դէպի Ջուղա եւ ապա Այնթէպ գաղթած Նազարեան յայտնի գերդաստանէն:

17 յուլիս 1915-ին Նազարեանները կը տարագրուին Տարաա, Սուրիոյ Հորանի շրջան եւ ապա Դամասկոս:

Երբ 15 մարտ 1921-ին ֆրանսական զօրքը կը լքէ Այնթէպը, քաղաքի հայ բնակչութիւնը կը հետեւի անոր եւ մեծամասնութեամբ կ՛ապաստանի Սուրիա: Նազարեաններն ալ կը հաստատուին Հալէպ:

Կարպիս Նազարեան Հալէպի մէջ կը յաճախէ Այնթէպի Կրթասիրաց վարժարանը: 1930-ին շրջանաւարտ` կ՛անցնի քաղաքի «Թերրա Սանթա» քոլեճը:

1933-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Պէյրութ, ուր Կարպիս Նազարեան իր ուսումը կը շարունակէ «Էքոլ Փիժիէ»-ի մէջ եւ կը վկայուի առեւտրական ճիւղէն: Հիւսուածեղէնի առեւտուրով կը շրջագայի եւրոպական զանազան երկիրներ:

1946-ին կ՛ամուսնանայ Արեգնազ Խանամիրեանին հետ եւ կը բախտաւորուի երեք զաւակներով` Սոնիա, Լեւոն եւ Արթիւր:

Հիւսուածեղէնի մասնագէտ կը նշանակուի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ. այդ պատասխանատուութիւնը կը վարէ 30 տարի:

Երիտասարդ տարիքէն կը մասնակցի ազգային-բարեսիրական զանազան գործունէութիւններու:

1936-ին կ՛անդամակցի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան (ՀԵԸ) եւ կը հանդիսանայ Զարեհ Նուպար ակումբի 12 հիմնադիր անդամներէն: 1950-1973` ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, գանձապահի պաշտօնով:

11 հոկտեմբեր 1996-ին Պէյրութի Մթայլեպ արուարձանին մէջ բացումը կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած դեսպանատան շէնքին` Կարպիս Նազարեանի նուիրատուութեամբ:

2 յունուար 1973-ին Նազարեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն մասնակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի մօտ կը հաստատուի «Սաթենիկ Նազարեան» հիմնադրամը, որ 1985-ին կը վերանուանուի «Լեւոն եւ Սաթենիկ Նազարեան» հիմնադրամ:

15 ապրիլ 1970-ին կը պարգեւատրուի Լիբանանի Կրթութեան նախարարութեան շքանշանով: 12 հոկտեմբեր 1972-ին Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսին կողմէ անոր կը շնորհուի սրբատառ կոնդակ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ա. կարգի շքանշան: 16 հոկտեմբեր 1988-ին Լիբանանի օրուան նախագահ Ամին Ժեմայէլի կողմէ կը պարգեւատրուի Լիբանանեան Սպայի Ա. կարգի շքանշանով:

16 հոկտեմբեր 1996-ին Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ անոր կը շնորհուի «Կիլիկեան իշխան» շքանշանը:

28 հոկտեմբեր 2007-ին Պէյրութի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ բացումը կը կատարուի «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին:

2002-ին անոր կը շնորհուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «նուիրատու անդամ»-ի վկայական, իսկ 2003-ին յատուկ գիր եւ յուշամետալ:

7 մարտ 2013-ին կը պարգեւատրուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ` «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

Անոր նիւթական նուիրատուութեամբ կառուցուած է ՀԲԸՄ-ի Կարպիս Լ. Նազարեան վարժարանը:

Կարպիս Նազարեանի մահով լիբանանահայ գաղութը կը կորսնցնէ Ազգային բարերար մը եւ վաստակաշատ հասարակական գործիչ մը, որուն բերած նիւթաբարոյական ներդրումը ազգային կեանքին բարձրօրէն գնահատուած է գաղութի բոլոր շրջանակներուն կողմէ:

Յարգանք իր յիշատակին:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ասատ. «Սուրիան Պիտի Չմիանայ Ահաբեկչութեան Դէմ Միջազգային Դաշինքին, Որովհետեւ Ահաբեկչութեան Աջակցողներուն Հետ Չի Կրնար Դաշնակցիլ»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.