«Զօրավիգ ենք լուրջ ու շինիչ երկխօսութեան վերակենդանացման», յայտարարեց Ղովմի կուսակցութեան նախագահ Ասաատ Հարտան, երէկ կուսակցութեան հիմնադիր Անթուն Սաատէի սպանութեան 67-ամեակի նշումին առիթով:
«Պիել»ի մէջ Ղովմի կուսակցութեան հիմնադիրին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին արտասանած իր խօսքին մէջ, Հարտան վերահաստատեց իր կուսակցութեան զօրակցութիւնը լիբանանեան Դիմադրութեան` ընդգծելով, որ ներկայիս ծաւալող արշաւը` շրջանին թէ Լիբանանի դէմ, ամերիկեան եւ իսրայէլեան դաւադրութիւն է: «Զոհողութիւն եւ համերաշխութիւն» կարգախօսով նշուած այս փառատօնին ներկայ էին նախագահ Սլէյմանի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պազզի եւ վարչապետ Միքաթիի ներկայացուցիչ, կրթութեան նախարար Հասան Տիապ:
Յիշատակի ձեռնարկին ներկայ կը գտնուէր նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը:
Իր խօսքին մէջ Ասաատ Հարտան անդրադարձաւ նաեւ տեղական ու շրջանային վերջին իրադարձութեանց` ընդգծելով, որ «Սուրիան փուլ պիտի չգայ»:
Նշենք, որ այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Անթուն Սաատէի դուստրը` Սաֆիյա Սաատէ:


