Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանեան Բանակին Կը Նուիրեն 72 Թնդանօթ Եւ 151 Բեռնարկղ Զինամթերք

February 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ամերիկեան զինամթերքի ստանձնումէն պահ մը
Ամերիկեան զինամթերքի ստանձնումէն պահ մը

Երէկ կէսօրին Պէյրութի նաւահանգիստ հասան լիբանանեան բանակին նուիրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները, որոնք կ՛ընդգրկէին «Էմ.198» տիպի 72 թնդանօթ եւ 151 բեռնարկղ զինամթերք:

Լիբանանեան բանակին կողմէ ամերիկեան օժանդակութիւնները ստանձնեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Մանուէլ Գրաճեան` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի եւ մեծ թիւով զինուորականներու:

Գնդապետ-զօրավար Մանուէլ Գրաճեան Հէյլի եւ ամերիկեան իշխանութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին անոնց նուիրած այս որակաւոր զինուորական օժանդակութեան համար:

Իր կարգին, Հէյլ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ այս օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ անոնք կ՛արտացոլեն երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները:

Հէյլ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ յաւելեալ տեսակարար օժանդակութիւններ պիտի կատարեն լիբանանեան բանակին` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:

Ան աւելցուց, որ բանակին կատարուած այս նուիրատուութիւնը ճիշդ կը համապատասխանէ լիբանանեան բանակին կարիքներուն:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ,

որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ վերջերս լիբանանեան բանակին տրամադրուած է մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, որոնք ընդգրկած են հրասայլերու համար օգտագործուող յատուկ հրթիռներ, արդի գնդացիրներ, զրահապատներ, հաղորդակցութեան յատուկ սարքեր եւ ռազմափորձեր կազմակերպելու կարեւոր ծրագիրներ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ուաշինկթը   նի կողմէ լիբանանեան բանակին նուիրուած այս օժանդակութեան արժէքը 25 միլիոն տոլար է:

«Լիբանանին տրամադրած իր այս զինուորական օժանդակութիւններով Միացեալ Նահանգներ կը միտին ամրապնդել լիբանանեան բանակին ուժը եւ հզօրացնել զայն ու բարելաւել անոր կարողութիւնը, որպէսզի ան կարենայ պաշտպանել Լիբանանը եւ պայքարիլ ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ: Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանի կառավարութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի խաղաղութիւնը, միասնականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Անձնասպանական Գործողութեան Թեկնածու 5 Հեղինակներու Փնտռտուք

Յաջորդը

«Սուրիացի Գաղթականներուն Տագնապը Երկրին Ապահովութեան Սպառնացող Ռումբ Մըն Է» Կ՛ըսէ Վարչապետ Սալամ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.