Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՕՐ. ՆԵՃՏԵԹ ԷՕԶԵԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒ. «ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ՃԳՆԱԺԱՄ ՉԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՏԻՒԼԼԱ ԿԻՒԼ

August 1, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Նեճտեթ Էօզել

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ շաբաթ օր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ բանակի սպայակոյտի ղեկավարութեան հրաժարականին կապակցութեամբ ճգնաժամ չկայ: «Տեղի ունեցածը կարելի է անուանել աննախադէպ իրադարձութիւն, սակայն իշխանութեան բացի մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», ըսաւ Կիւլ:

Ան ընդգծեց, որ անհանգստանալու պատճառ չկայ: «Ամէն ինչ, ինչպէս կը տեսնէք, տեղի կ՛ունենայ իր դաշտին մէջ, եւ ոչ մէկ բաց կայ: Մենք յարգանքով կը վերաբերինք սպայակոյտի ղեկավարի որոշումին, թէեւ կը փափաքէինք, որ ան շարունակէր իր աշխատանքը», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Իրշատ Հիւրմիւզօղլու շաբաթ օր «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեց, որ թրքական բանակի սպայակոյտի հրաժարականին մասին լրատուութիւնները անճիշդ են: Անոնք չեն հրաժարած, այլ օգոստոսի վերջաւորութեան նախատեսուած իրենց հանգստեան կոչուելու ժամկէտը կանխելով կանխահաս հանգստեան կոչուելու դիմում ներկայացուցած են:

Կիւլ ստորագրեց ոստիկանութեան յատուկ ուժերու հրամանատար զօր. Նեճտեթ Էօզելը ցամաքային զօրքերու հրամանատար նշանակելու հրամանագիր մը: Բացի ատկէ, զօր. Էօզել կառավարութեան հաւանութեամբ նշանակուած է նաեւ թրքական բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ:

Թուրքիոյ սպայակոյտի պետը կը նշանակուի երեք տարուան ժամկէտով: Այդ պաշտօնին վրայ զինք կը փոխարինէ ցամաքային ուժերու հրամանատարը: Իսկ ներկայիս սպայակոյտի պետի պաշտօնին համար ամէնէն հաւանական թեկնածուն կը նկատուի զօր. Նեճտեթ Էօզելը:

Թրքական մամուլը անդրադառնալով սպայակոյտի հաւաքական հրաժարականին կը նշէ, որ նման բան Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ կ՛արձանագրուի առաջին անգամ ըլլալով:

Թուրք զօրավարները յայտարարած են, որ կը հրաժարին` «մեկնելով անհրաժեշտութենէն»: Սակայն որեւէ հիմնաւորում չեն ներկայացուցած: Հրաժարականի յայտարարութենէն ժամեր ետք Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ըշըք Քոշաներ յայտարարեց, որ իրենց հրաժարականին հիմնական պատճառը զինուորականներու ձերբակալութիւններն են:

«Ներկայ պահուս կալանաւորուած են 250 զօրավարներ, ծովակալներ, սպաներ, ենթասպաներ, որոնցմէ միայն 77-ն պաշտօնաթող են: Ստեղծուած իրավիճակին հետ հաշտուիլը ուղղակի անկարելի է: Բացի ատկէ, շարունակուող ձերբակալութիւններուն միջոցով փորձ կը կատարուի արատաւորել Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն բարի համբաւը եւ նաեւ լրատուամիջոցներուն օգնութեամբ բանակը իբրեւ յանցաւոր խմբակ մը ներկայացնել», ըսած է զօր. Քոշաներ:

Նշենք, որ 2010-ին Թուրքիոյ մէջ «Պալիոզ»(Մեծ մուրճ) յեղաշրջման ծրագիրի բացայայտումէն սկսեալ կը շարունակուին բարձրաստիճան զինուորականներու ձերբակալութիւնները: Այդ ծրագիրը պատրաստուած էր այն բանէն ետք, երբ 2002-ին իշխանութեան եկաւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը:

Ըստ ծրագիրին, թուրք զօրավարները իշխանափոխութեան նպատակով տարբեր գործողութիւններու միջոցով, որոնց շարքին` ահաբեկչական, կը պատրաստուէին Թուրքիոյ մէջ կացութիւնը ապակայունացնելու:

Նշենք, որ անցեալ ամիս թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած էր յօդուած մը, որուն հեղինակը` Էմրէ Ուսոլու, վկայակոչելով իր աղբիւրները, գրած էր, որ եթէ 12 յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրէ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, ապա թրքական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ըշըք Քոշաներ հրաժարական պիտի տայ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը բուռն կերպով արձագանգեց բարձրաստիճան զինուորականներու հրաժարականին իրողութեան: Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ տեղի ունեցողը ապացոյց է, այն բանին, որ Էրտողանի ղեկավարած իշխող կուսակցութիւնը «յամառօրէն կը շարունակէ չընդունիլ իրաւունքն ու գործող օրէնսդրութիւնը»:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործող նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ զօրավարներու հրաժարականը Թուրքիոյ ներքին հարցն է:

«Ատիկա Թուրքիոյ ներքին հարցն է: Մենք կը վստահինք Թուրքիոյ ժողովրդավարական եւ զինուորական կառոյցներուն: Ատիկա ներքին հարց է», ըսած է Թոնըր` աւելցնելով. «Սակայն ստեղծուած իրավիճակի լիարժէք մեկնաբանութեան համար անհրաժեշտ է ուսումնասիրել հրաժարականներու մանրամասնութիւնները»:

Նախորդը

ՊՐԻՎԻՔ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷՐ

Յաջորդը

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ 21 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐԻ ԱՊԱԳԱՆ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.