Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Պարգեւատրէ Գրիգոր Մահսէրէճեանը

February 6, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

20515_krikorՉորեքշաբթի, 4 փետրուար 2015-ի երեկոյեան, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Ապու Տապիի ազգայիններէն Գրիգոր Մահսէրէճեանը: Պարգեւատրումի հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Լիբանանի դեսպանը, շրջանին մէջ վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին ծառայած միաբան հայրեր, Ապու Տապիէն եւ Տուպայէն ժամանած ազգայիններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն պարգեւատրեալին բարեկամներն ու դասընկերները:

Յաջորդաբար խօսք առին ազգային բարերար եւ Միացեալ Էմիրութեանց երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Հրայր Սողոմոնեան եւ Էմիրութեանց մէջ Լիբանանի դեսպանը: Ապա խօսք առնելով վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Գրիգոր Մահսէրէճեանին, որ նուիրումով կը շարունակէ ծառայել Ապու Տապիի գաղութին եւ իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կարգ մը ծրագիրներուն: Հայրապետական սրբատառ կոնդակը կարդաց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը «Ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Գրիգոր Մահսէրէճեանը:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առնելով` պարգեւատրեալը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին` յիշելով, թէ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու նուիրումը իր մէջ կազմաւորած էին իր ծնողքը եւ իր ուսուցիչները: Ան միաժամանակ վերահաստատեց, որ նոյն յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ ծառայել ազգին ու եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Ապու Տապիի գաղութին:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Փրոֆ. Անթուան Լ. Պուսթանիի «Histoire De La Grande Famine Au Mont-Liban (1915-1918) Un Génocide Passé Sous Silence» Գիրքի Ներկայացում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.