Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամման Կը Գործադրէ Ռիշաուիի Եւ Քարպուլիի Դէմ Մահապատիժը

February 5, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սաժիտա Ռիշաուի
Սաժիտա Ռիշաուի

Յորդանանի ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ չորեքշաբթի արշալոյսին Իրաքի քաղաքացիութիւն ունեցող Սաժիտա Մուպարաք Աթրուզ Ռիշաուիի դէմ մահապատիժը գործադրուած է: Ան կախաղան բարձրացուած է:

Ան ամբաստանուած էր 2005-ին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ գործադրելու յանցանքով:

ՏԱՀԵՇ շարժումը պահանջած էր զինք փոխանակել յորդանանցի գերեվարուած օդաչու Մաազ Քասասիպայի հետ:

Կախաղան բարձրացուած է նաեւ Քայիտայի ղեկավար Ապումասաապ Զարքաուիի` նախկին ամէնէն ականաւոր օգնականներէն իրաքցի Ռաժա Քարպուլին, որ Յորդանանի դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրելու յանցանքով ամբաստանուած էր:

Մահապատիժները գործադրուեցան ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ յորդանանցի օդաչուի մահապատիժի գործադրման տեսերիզին հրապարակումէն ետք:

Ըստ «Մայատին»-ին, Քասասիպայի ազգականները յայտնած են, որ յորդանանեան պետութիւնը ոչինչ կատարած է իրենց զաւկին ազատ արձակման համար` աւելցնելով. «Մաազի սպանութեան պատասխանատուն յորդանանեան վարչակարգն է, անոր գլուխը եւ միջազգային դաշինքը»:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը կրճատեց Միացեալ Նահանգներ իր այցելութիւնը եւ որոշեց Յորդանան վերադառնալ: Ան նաեւ պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով  յորդանանցի օդաչուին սպանութիւնը նկատեց մոլորեալ խմբաւորման մը վախկոտ արարքը, որ իսլամութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի: Ան ըսաւ, որ օդաչուն կեանքը զոհած է պաշտպանելով իր գաղափարախօսութիւնը, հայրենիքն ու ազգը, եւ յորդանանցիները պէտք է միասնակամ ըլլան:

Յորդանանեան բանակը իր կարգին յայտնեց, որ Քասասիպայի ազատ արձակման համար ջանքեր թափած է, սակայն «ոճրագործ ուժերը զինք ահաբեկելու վրայ պնդեցին»: Բանակը խոստացաւ անոր մահուան վրէժը լուծել:

Յորդանանի մէջ Իսլամ եղբայրները Քասասիպայի սպանութիւնը ոճրային արարք նկատեցին:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Զիատ Զոհպի յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ յորդանանցի օդաչու Մաազ Քասասիպայի դէմ գործած ոճիրով իր դիմաց բացած է դժոխքի դռները: Ան նշեց, որ Սաժիտա Ռիշաուիի եւ Զիատ Քարպուլիի մահապատիժի գործադրումը հակադարձութիւն չէր, այլ` պատգամ մը: Ան ընդգծեց, որ հակադարձութիւնը երկրաշարժի նման ցնցիչ պիտի ըլլայ:

Յորդանանեան իշխանութիւնները աւելի ուշ յայտարարեցին, որ ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին Յորդանանի մասնակցութեան տարողութիւնը պիտի աւելցնեն:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆրետերիքա Մոկերինի քննադատեց Ռիշաուին եւ Քարպուլին մահապատիժի ենթարկելու Յորդանանի քայլը` զայն նկատելով աճապարանօք առնուած քայլ: «Մեր հակադարձութիւնը պէտք է համահունչ ըլլայ արդարութեան եւ գերիներուն նկատմամբ յարգանքի մեր հասարակաց արժէքներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեր արարքները պէտք է հիմնենք մարդկային իրաւանց միջազգային օրէնքին եւ մարդկայնականութեան օրէնքին վրայ: Եւրոպական Միութեան մահապատիժին ընդդիմութիւնը նոյնը կը մնայ, չէ փոխուած, եւ մեր կարծիքով` մահապատիժը որեւէ կանխարգելիչ ազդեցութիւն չունի»:

Ազհար Կոչ Կ’ուղղէ ՏԱՀԵՇ-ի Անդամները
Սպաննելու, Խաչելու Եւ Անոնց Ձեռքերն
Ու Ոտքերը Կտրելու

Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայեպ բուռն կերպով դատապարտեց «սատանայական» ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն յորդանանցի օդաչուն հրկիզելով գործած «ստոր» արարքը եւ նշեց, որ իսլամութիւնը կ’արգիլէ անմեղ մարդիկ սպաննել կամ հրկիզել նոյնիսկ նախայարձակ թշնամին` աւելցնելով, որ այդ մէկը ստոր արարք մըն է, որմէ անմասն են բոլոր կրօնները:

Ան ըսաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ականները իրենց գործած այդ արարքին համար արժանի են Քորանի մէջ «Աստուծոյ կամ անոր մարգարէին դէմ կռուողներուն» առնչութեամբ նշուած պատիժին` անոնք պէտք է սպաննուին, խաչուին, կամ անոնց ձեռքերն ու ոտքերը կտրուին:

Ազհարի շէյխը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց դիմակայելու «այս ահաբեկչական խմբաւորումը, որ կը գործէ բարբարոսներու վայրագ այս արարքները, որոնք Աստուծոյ եւ անոր մարգարէին կողմէ մերժուած են»:

Ազհարի շէյխը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին ու Յորդանանի ժողովուրդին:

Նախորդը

Ըստ Սէուտցի Եւ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու. Սէուտական Արաբիա Քարիւղի Արտահանումը Պիտի Նուազեցնէ, Երբ Ռուսիա Հրաժարի Ասատէն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.