Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛արձագանգէ Նախագահ Սարգսեանի Պատասխան-Նամակին

February 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20215_TFMԹուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 24 ապրիլին Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի նշման ձեռնարկներուն մասնակցելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յղած հրաւէրին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի պատասխան-նամակին անդրադարձող յայտարարութիւն մը հրապարակած է:

Նշելով, որ Հայաստանին հրաւէր ուղարկուած է այդ ճակատամարտին զոհուած հայ զինուորներուն յարգանքի տուրք մատուցելու համար, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ըսէ. «Ոչ հեռաւոր անցեալի շրջադարձային իրադարձութիւններէն մէկուն` Կալիփոլիի ճակատամարտին առիթով կատարուող տարեկան յիշատակի արարողութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին միասին պատերազմած ժողովուրդներուն կորուստները այսօր` բարեկամութեան եւ խաղաղութեան մթնոլորտի մէջ յիշատակելու տեսանկիւնէն: Համաշխարհային Ա. պատերազմին, ինչպէս Կալիփոլիի ճակատամարտին օրինակը կը վկայէ, Օսմանեան կայսրութեան բոլոր ժողովուրդներն ալ խոր ցաւ ապրած են եւ մեծ կորուստներ կրած: Այդ պատճառով Թուրքիան, հասկնալով ու չժխտելով հայերու ցաւը, անկեղծօրէն կը կիսէ զայն»:

Ակնարկելով Սերժ Սարգսեանի 29 յունուարի 2015-ի յայտարարութեան` կ՛ըսուի. «Անգամ մը եւս անտեսելով Թուրքիոյ մարդկային, խոհեմ եւ իրատեսական մօտեցումներն ու Թուրքիոյ երկարած ձեռքը, ցաւով կ՛արձանագրենք, որ ուղարկուած հրաւէրը անվայել ոճով ետ վերադարձուած է: Խստօրէն կը դատապարտենք դրացի երկրի ղեկավարը, հնագոյն հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչին ոչ յարիր նման ոճը»:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ Հայաստանը պետական ամբողջ մեքանիզմն ու բոլոր կարելի միջոցները համախմբած է 2015-ը Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդի դէմ ատելութեան տարի դարձնելու համար: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ողջախոհութեան կոչ ուղղած է Հայաստանի ղեկավարութեան:

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Փոխնախարար. Թուրքիան Պէտք Է Փոխէ Ժխտողական Մտածելակերպը

Յաջորդը

Նախկին Պատգամաւոր Յակոբ Յակոբեան Ձերբակալուած Է

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.