Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Փոխնախարար. Թուրքիան Պէտք Է Փոխէ Ժխտողական Մտածելակերպը

February 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20215_kotcharՀայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ անդրադառնալով Հայաստանի նախագահի յայտարարութեան գծով Թուրքիոյ պաշտօնական արձագանգին` կոչ ուղղեց այդ երկրին «փոխելու ցեղասպանի քաղաքականութեան շարունակութիւնը հանդիսացող ժխտողական մտածելակերպը»:

Գնահատելով թրքական կողմին պատասխանը, որ անընդունելի որակած էր Հայաստանի արձագանգը` Կալիփոլիի ճակատամարտի տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած հրաւէրին, Քոչարեան ըսած է. «Կը պարզուի, որ թրքական դիւանագիտութեան համար ընդունելի է ապրիլ 24-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու` Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրաւէրին չպատասխանելով` ճիշդ այդ օրը տեղափոխել Կալիփոլիի ճակատամարտի տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկները եւ աւելին` յանդգնիլ անոնց ներկայ գտնուելու` բոլոր բարոյական չափանիշներուն հակասող հրաւէր ուղարկել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին»:

«Նման պարզունակ խորամանկութիւններով Անգարա հերթական անյաջող փորձ կը կատարէ` քողարկելու իր անկարողութիւնը` անցեալի հետ առերեսուելու եւ ընդունելու պատմական ճշմարտութիւնը, ինչ որ կրնայ ճամբայ հարթել դէպի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորում: Թուրքիոյ իշխանութիւնները նման անհեթեթ վիճակի մը մէջ յայտնուելէ խուսափելու համար պէտք է փոխէին ոչ թէ Կալիփոլիի ճակատամարտի տարեդարձի աւանդաբար նշուող օրը, այլ` փոխէին ցեղասպանի քաղաքականութեան շարունակութիւնը հանդիսացող իրենց ժխտողական մտածելակերպը», յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Յիշեցնենք, որ պաշտօնական Անգարա կոշտ կերպով հակադարձած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` ցեղասպանութեան թեմայով կատարուած վերջին յայտարարութիւններուն: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի մամլոյ բանբեր Իպրահիմ Քալըն ժողովին ըսած է. «Թուրքիոյ նախագահի` իրեն ուղղուած հրաւէրին մասին Սարգսեանի յայտարարութիւնները չեն համապատասխաներ պետական գործիչին: Դիւանագիտական փորձին հակասող նման յայտարարութիւնները մեզի համար անընդունելի են»:

Սերժ Սարգսեան նախորդ հինգշաբթի օր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին յայտարարած էր. «Թուրքիա անհեռատես եւ շնական որոշում տուաւ` խմբագրելով սեփական պատմութիւնը ու որոշելով Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակը նշել նոյն այն օրը, երբ կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` ապրիլ 24-ին»:

 

 

 

Նախորդը

«Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Մինչեւ Ապրիլ Փոփոխութիւն Չենք Ակնկալեր» Կ՛ըսէ Առընչ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛արձագանգէ Նախագահ Սարգսեանի Պատասխան-Նամակին

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.