
Ria.ru կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը կը պահանջէ լրացուցիչ քայլեր, որոնց շարքին նաեւ ցամաքային զօրքի ուղարկում Իրաք:
«Ես կը գտնեմ, որ դրութիւնը կրնայ պահանջել մեր զինուորականներուն մէկ մասին գործուղումը Իրաք: Ես չեմ ըսեր, թէ ատոր կարիքը արդէն կայ: Արդեօք ապագային այդպիսի պահանջ պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ` չեմ գիտեր», ըսած է Հէյկըլ:
Ան նաեւ մանրամասնած է, որ ամերիկեան զինեալ ուժերը անմիջականօրէն պիտի չմասնակցին զինուորական գործողութիւններուն, այլ օգնութեան պիտի երթան ահաբեկիչներուն դէմ պայքարող իրաքցի զինուորներուն եւ պիտի աջակցին ահաբեկիչներուն դիրքերը բացայայտելու եւ հետախուզական տեղեկութիւններ հաւաքելու հարցին մէջ:


