Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոսի Մէջ. «Ժազիրա»-ի Աւստրալիացի Լրագրողը Ազատ Արձակուեցաւ

February 2, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
20215_Greste
Փիթըր Կրեսթ

Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլ Ֆաթթահ Սիսի երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը` ազատ արձակելով «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի աւստրալիացի լրագրող Փիթըր Կրեսթը, որ Կիպրոս փոխադրուեցաւ: Նախագահական աղբիւրներ նաեւ յայտնեցին, որ անոր գործընկերը` երկակի քաղաքացիութեան տէր Մոհամետ Ֆահմի, արտաքսուած է Քանատա եւ զրկուած Եգիպտոսի քաղաքացիութենէն:

Կրեսթ, Ֆահմի եւ Պահեր Մոհամետ ամբաստանուած էին արգիլեալ Իսլամ եղբայրներու հետ գործակցելու յանցանքով:

Եգիպտոսի նախագահը նոյեմբերին յայտնած էր, որ «Ժազիրա»-ի երկու օտարահպատակ լրագրողներուն ներում շնորհելու կարելիութիւնը կը քննարկէ: Յունուարին Եգիպտոսի Գերագոյն դատարանը հրամայեց անոնց դատավարութիւնը կրկնել:

Երէկ նախագահական պալատէն պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Փիթըր Կրեսթը Աւստրալիա արտաքսելու նախագահական որոշում մը գոյութիւն ունի: Այլ պաշտօնատար մը «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնեց, որ նշեալ քայլը համակարգուած էր Գահիրէի մէջ Աւստրալիոյ դեսպանատան հետ:

 

Նախորդը

Մատրիտի Մէջ Արմատական Ձախակողմեանները «Յանուն Փոփոխութեան Քայլարշաւ» Մը Կատարեցին

Յաջորդը

Յորդանանցի Պատանդին Ճակատագիրը` Անծանօթ. ՏԱՀԵՇ Մահապատիժի Կ՛ենթարկէ Երկրորդ Ճափոնցի Պատանդը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.