Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուքաշենքօ Չի Բացառեր Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն Դուրս Գալու Կարելիութիւնը

January 30, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալեքսանտր Լուքաշենքօ
Ալեքսանտր Լուքաշենքօ

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ պէտք չէ ըլլան առեւտրական պատերազմներ: «Եթէ համաձայնութիւնները չյարգուին, Պիելոռուսիան չի բացառեր Եւրասիական տնտեսական միութենէն դուրս գալը», ընդգծած է ան:

Լուքաշենքօ յստակ դարձուցած է, որ ինքնին այդ եղած է այն պայմանը, որուն հիմամբ Մինսք ստորագրած է Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրը: Ան ընդգծած է, որ եթէ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները յարգուին, «Պիելոռուսիան հաւատարմօրէն պիտի կատարէ այն, ինչ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան կը վերաբերի»:

Աղբիւրը կը նշէ, որ եւրոպական արգիլուած արտադրութիւններու վերաարտածման կասկածներու պատճառով Մոսկուա սահմանափակած է Պիելոռուսիայէն ներածումները: Լուքաշենքօ այդ սահմանափակումները կը նկատէ Եւրասիական տնտեսական միութեան օրէնքներու խախտում:

Լուքաշենքօ նախապէս յայտարարած էր, որ շուկայի մը` ռուսական շուկայէն կախեալ ըլլալը տնտեսութիւնը խոցելի կը դարձնէ: Այդ առնչութեամբ յունուարի կէսերուն ան յանձնարարած էր Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին նոր շուկաներ փնտռելու: Երկիրներու շարքին, ուր Լուքաշենքոն առաջարկած է վաճառել իր երկրին արտադրութիւնը, որ այսօր կը սպառի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ շուկաներուն մէջ, ան նշած էր Չինաստանը, Հնդկաստանը, Իրանը, արաբական եւ ափրիկեան երկիրներն ու Միացեալ Նահանգները:

«Թող ոչ ոք ո՛չ մեր մօտ, ո՛չ Ռուսիոյ մէջ չջղայնանայ անկէ, որ Պիելոռուսիան յամառօրէն կ՛երթայ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ», ըսած էր Լուքաշենքօ:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Նախաձեռնութիւնները Համակարգող Պետական Յանձնաժողովի 5-րդ Նիստ

Յաջորդը

Դիւանագիտական Զօրաշարժ` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ. Հարաւի Մէջ` Զգուշաւոր Հանդարտութենէն Դէպի Բնականոնացում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.