Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանն Ու Թուրքիան Պատրաստ Են Յարաբերութիւններու Կարգաւորման» Կ՛ըսէ Մահճուբեան

January 30, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էթիեն Մահճուբեան
Էթիեն Մահճուբեան

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիեն Մահճուբեան «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Հայաստանն ու հայաստանցիները աւելի հակուած են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, քան սփիւռքի հայութիւնը»:

Թուրքիոյ ամէնէն բարձրաստիճան հայազգի պաշտօնատարը այս մասին խօսած է 28 յունուարին` Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ:

Մահճուբեանի համոզումով` հայերն ու թուրքերը բազմաթիւ մշակութային ընդհանրութիւններ ունին: «Մենք նոյն մշակոյթի զաւակներն ենք, կը լսենք նոյն երաժշտութիւնն ու կը կարդանք նոյն գիրքերը», պնդած է ան` աւելցնելով. «Երբ Հայաստան կը խօսի պետական մակարդակով, ատիկա շատ կարծր կը հնչէ, սակայն երբ դուրս կու գաս փողոց եւ կը խօսիս շարքային հայաստանցիներու հետ, իրավիճակը այլ է: Թուրքիոյ փողոցներուն մէջ, ի դէպ, վիճակը նոյնն է` այստեղ ալ մարդիկ կը փափաքին ջերմ յարաբերութիւններ ունենալ եւ փոխադարձ կապեր հաստատել»:

Մահճուբեանի համոզումով` 2015-ը կրնայ յաւելեալ կարելիութիւններ ստեղծել երկկողմանի յարաբերութիւններու բարելաւման համար: «Նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է հոգեբանական փոփոխութիւններու հասնիլ` ապագային միասնաբար նայելու սովորութիւն ձեւաւորելով: 2015-ը լուրջ կարելիութիւն է ատոր համար», կը կարծէ Թուրքիոյ վարչապետին խորհրդականը:

Ըստ Մահճուբեանի, թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Թուրքիան այսօր պատրաստ են յարաբերութիւններու կարգաւորման: «Իրականութեան մէջ երկու կողմերն ալ պատրաստ են կապեր հաստատելու: Սակայն մենք կ՛ապրինք ազգային (պետութիւններու) աշխարհի մէջ, ուր գոյութիւն ունին սահմաններ ու երկիրներ: Ատիկա խնդիրին որոշակի ձեւական բնոյթ կը հաղորդէ: Երբ հարցը կը տեղափոխենք պաշտօնական հարթութիւն, ի յայտ կու գան բանակցութիւններու, հաւասարութեան հարցերը, որոնք ալ, ի վերջոյ, կը յանգեցնեն խզման», կը նշէ ան:

Իր նշած բարդութիւններէն խուսափելու համար Մահճուբեան կ՛առաջարկէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը սկսիլ հանրային մակարդակէն: «Ես երբեք չեմ կարծած, որ կարելի է լուրջ արդիւնքներու հասնիլ` ամէն ինչ տեղափոխելով պետական մակարդակ: Անհրաժեշտ է պետութիւններու մակարդակէն իջնել յաւելեալ մէկ աստիճանով: Շատ կարեւոր է, որպէսզի անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկուին հանրային մակարդակի վրայ: Պէտք է ամէն ինչ ընել ոչ պաշտօնական խողովակներ օգտագործելով», կը նշէ Մահճուբեան:

Ան նաեւ անդրադարձած է 24 ապրիլին Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի ձեռնարկին մասնակցելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղղած հրաւէրին եւ ըսած. «Հրաւէրը ուղարկուած է ամբողջ աշխարհին, ներառեալ` Հայաստանին: Բացի ատկէ, պէտք չէ մոռնալ, որ Կալիփոլիի ճակատամարտին ընթացքին նաեւ որոշ թիւով հայեր զոհուած են: Եթէ Հայաստանը կը նկատէ, որ հոգեւոր կապ ունի նախապէս ապրած իր հայրենակիցներուն հետ, ատիկա կը վերաբերի նաեւ այդ ճակատամարտի հայ մասնակիցներուն: Այնպէս որ, լաւ պիտի ըլլար, եթէ Հայաստանը, թէկուզեւ խորհրդանշական մակարդակով, բայց եւ այնպէս մասնակցէր այդ արարողութեան»:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ռիվլին ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Խօսած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.