Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մազարեհ Շեպաայի Մէջ Իսրայէլեան Ուժերը Թիրախ Կը Դառնան Հըզպալլայի Հրթիռներուն

January 29, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

12815_borderՀըզպալլա երէկ տեսակարար գործողութեամբ մը պատասխանեց Սուրիոյ Քնայթրա շրջանին մէջ Իսրայէլի կատարուած գործողութեան:

Իսրայէլեան ուժերը յայտնեցին, որ իրենց դէմ գործողութիւն մը եղած է Մազարեհ Շեպաայի մէջ` ընդգծելով սակայն, որ այդ գործողութեան ընթացքին իսրայէլացի ոչ մէկ զինուոր գերեվարուած է:

Հըզպալլայի հրապարակած թիւ 1 հաղորդագրութեամբ պաշտօնապէս ստանձնուեցաւ գործողութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:25-ին, Մազարեհ Շեպաայի մէջ, կուսակցութեան «Քնայթրայի նահատակներ» խմբակը հրթիռարձակումի թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան բանակի ինը զրահապատներ, որոնք կ՛ընգրկէին իսրայէլացի սպաներ եւ զինուորներ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հըզպալլա յարմար հրթիռները օգտագործած է` թիրախ դարձնելու համար իսրայէլեան զինուորական մեքենաները:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Հըզպալլա հակազրահապատ հրթիռներ արձակած է իսրայէլեան ուժերուն դէմ եւ պատճառած զոհեր ու վիրաւորներ:

Պատկերասփիւռի «Մայատին» կայանին համաձայն, Մազարեհ Շեպաայի գործողութեան ընթացքին զոհուած են 15 իսրայէլացի զինուորներ:

Ժամեր ետք իսրայէլեան լրատուամիջոցները բաւարարուեցան ըսելով, որ Մազարեհ Շեպաայի գործողութեան ընթացքին սպաննուած են երկու իսրայէլացի զինուորներ, որոնց շարքին` «Կաֆաաթի» ջոկատին մաս կազմող զօրամասի մը հրամանատարը` հազարապետ Եոհայ Քլինկեր եւ յիսնապետ Նինի, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած են 7 ուրիշներ:

Իսրայէլեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Մազարեհ Շեպաայի մէջ թիրախ դարձած իսրայէլեան շքախումբը բարձրաստիճան զինուորականներու շքախումբ էր:

Գործողութենէն անմիջապէս ետք, իսրայէլեան ուժերը հակադարձեցին ռմբակոծելով լիբանանեան սահմանամերձ շրջանի կարգ մը գիւղաքաղաքներ, ինչպէս` Ապպասիէն, Մաժիտիէն, Մազրաաթ Շանուհը եւ Մազարեհ Շեպաայի մերձակայքը:

Իսրայէլեան թնդանօթներուն կատարած ռմբակոծումին պատճառով սպաննուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանացի զինուոր մը:

Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի եւ Կոլանի բարձունքներուն վերեւ: Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրին ոչ միայն «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործեց, այլեւ` «Էֆ. 16» տիպի կործանիչներով:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ծովուժի յածանաւերը խախտեցին լիբանանեան ծովային սահմանները եւ մօտեցան դէպի Սուր:

Նշենք, որ Հըզպալլա իր կարգին ռմբակոծեց Մթըլլէի բնակեցման վայրն ու իսրայէլեան այլ շրջաններ:

Այս ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարեց երկու կողմերուն հետ` հակակշռելու համար կացութիւնը եւ թելադրելով անոնց ինքնազսպումի ենթարկուելու:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը շուրջ 11:30-ին, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը նշմարած են, որ հիւսիսային Մայսաթի Ուազզանի շրջանէն դէպի Իսրայէլ 6 հրթիռ արձակուած է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ իսրայէլեան կողմին ռմբակոծումներուն պատճառով նահատակուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամ սպանացի զինուոր մը:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ հաղորդակցութիւններու միջոցով փորձեց հակակշռել սահմանին վրայ տիրող լարուածութիւնը եւ խստիւ դատապարտեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին այս վտանգաւոր խախտումը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին Քֆարշուպայի շրջանէն դէպի Իսրայէլ 5 հրթիռներ արձակուած են, եւ Իսրայէլ հակադարձած է այդ ռմբակոծումներուն:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ այս մասին հետաքննութիւն բացած է:

12815_israel-lebanonԵրեկոյեան ժամը 6:00-ին, իսրայէլեան աղբիւրներ ՖԻՆԻՒԼ-ին պաշտօնապէս փոխանցեցին, թէ իրենք պիտի բաւարարուին մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00 հարաւային Լիբանանի դէմ իրենց գործած ռմբակոծումներով, իսկ իսրայէլեան պետութիւնը նոյն պահուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցեց, թէ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ պահպանելու համար ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը եւ հիւսիսային իր սահմանները, ինչպէս նաեւ հոն ապրող իսրայէլացիներուն անվտանգութիւնը:

Պէտք է նշել նաեւ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, անդրադառնալով Մազարեհ Շեպաայի գործողութեան, ըսաւ, որ «Լիբանանի կառավարութիւնը եւ սուրիական վարչակարգը պատասխանատու են Իսրայէլի դէմ կատարուող գործողութիւններուն»` աւելցնելով, որ պատասխանատուները այս գործողութեան գինը սուղ պիտի վճարեն:

Նշենք, որ դէպքին իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն Նեթանիահու ըսած էր հետեւեալը. «Կ՛առաջարկեմ մեզ չփորձէք եւ յիշէք, թէ վերջերս իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ ինչպէ՛ս պատասխանած է»:

Հակազդեցութեան Ալիք

Վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին, եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին իսրայէլեան վայրագութիւնները սանձելու:

Վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան` սպանացի զինուորին նահատակութեան առիթով:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած ռմբակոծումը, որ պատասխան էր Կապոյտ գիծէն հեռու, բռնագրաւուած լիբանանեան հողերուն վրայ` Մազարեհ Շեպաայի մէջ կատարուած գործողութեան:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, եւ ցաւակցութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ին հարաւային Լիբանանի մէջ սպանացի զինուորին նահատակութեան առիթով:

12815_border1Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց նման գործողութիւններէ զգուշանալու անհրաժեշտութիւնը եւ հարց տուաւ, թէ Լիբանանի շահերը ո՞ւր են զայն Իսրայէլի դէմ պատերազմի մը մէջ ներքաշելէ: «Պատերազմ մը, որուն կարիքը ունի Իսրայէլ եւ կը փորձէ Լիբանանը մղել անոր եւ թիւ 1701 բանաձեւը խախտելու», ըսաւ ան:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց նախազգուշական բոլոր քայլերուն դիմելու` Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք պատերազմին պարագային:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց հարաւային Լիբանանի մէջ պատահածին` հաստատելով, որ Հըզպալլա շրջանային իր ծրագիրներուն մէջ աւելի եւս կը խորանայ:

Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ ողջունեց Դիմադրութիւնը` անոր կատարած գործողութեան համար` շեշտելով, որ Մազարեհ Շեպաայի գործողութիւնը յարմար ժամանակին տրուած յարմար պատասխան մըն է:

12815_border2Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը զգուշացուց թշնամի Իսրայէլին յետին նպատակներէն` շեշտելով, որ երկրին ճակատագրական որոշումները` պատերազմի եւ խաղաղութեան առումով, կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է:

Ամալ շարժումը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ սիոնական գոյացութեան սպանութիւններուն եւ անոր բռնարարքներուն միայն դիմադրութեամբ կարելի է պատասխանել:

Ամալ շարժումը անհրաժեշտ նկատեց, որ այս պահուն ներքին լիբանանեան եւ արաբական բոլոր ջանքերը պէտք է զօրակցին Դիմադրութեան, որ միակ միջոցն է ազատագրելու Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները:

Ամալ շարժումը ցաւակցութիւն յայտնեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` սպանացի զինուորին նահատակութեան առիթով:

Լիբանանի մէջ Համասի պատասխանատու Ժիհատ Թահա բարձր գնահատեց Դիմադրութեան գործողութիւնը` զայն նկատելով Իսրայէլի որդեգրած քաղաքականութեան դէմ բնական պատասխան մը:

Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին անմիջապէս միջամտելու` հակակշռելու համար լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանին վրայ արձանագրուած զինուորական գործողութիւնները:

Իրանեան բանակի հրամանատարը շեշտեց, որ Իրան մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Դիմադրութեան մարտիկներուն, որոնք կը պայքարին Իսրայէլի դէմ:

Միացեալ Նահանգներ նկատել տուին, որ Մազարեհ Շապաայի մէջ Հըզպալլայի կողմէ իսրայէլեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումը վտանգաւոր իրադարձութիւն է, սակայն անիկա պատերազմ չ՛ենթադրեր:

Նախորդը

Պըրրի Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Յետաձգեց 18 Փետրուարին

Յաջորդը

Աղուան Վարդանեան Ընտրուած Է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.