Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐԸ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԵՆ ՀԵՖԸՐՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱՐԳԵԼԱԿՈՒՄԸ» ԿԸ ԳՐԷ «ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ»

July 30, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ ամերիկահայերը կ՛ողջունեն ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեզը` դիւանագէտ Ճոն Հեֆըրնի Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին թեկնածութիւնը արգելակելուն համար:

«Նիւ Ճըրզիի մէջ դեմոկրատականները երեքշաբթի օր յետաձգած են ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ պրն. Հեֆըրնի թեկնածութեան հաստատումը` բողոքելով, որ նախագահ Օպամա նախկինին պէս կը հրաժարի արտասանել «ցեղասպանութիւն» բառը, ինչ որ իրագործուած է Թուրքիոյ մէջ` Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին:

«Ծերակուտականները յաճախ «կ՛առկախեն» որեւէ, տուեալ պարագային դեսպանի թեկնածութիւնը` Սպիտակ տան ուշադրութիւնը որոշ հարցի մը վրայ սեւեռելու նպատակով», կը գրէ օրաթերթը:

Օրաթերթը կը նշէ. «Մենենտեզ իր մտադրութեան մասին յայտարարած է անցեալ շաբաթ` յանձնախումբի ունկնդրութիւններուն ժամանակ, որոնց ընթացքին քննարկուած է Հեֆըրնի առաջադրման հարցը: Ծերակուտականը իր հիասթափութիւնը յայտնած է այն հարցին կապակցութեամբ, որ պարոն Հեֆըրն հրաժարած է 1915-ին 1,5 միլիոն հայերու սպանութիւնը որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն:

«Իր նախընտրական արշաւին ժամանակ Օպամա խօսած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած հայերու ցեղասպանութեան մասին: Նախագահ դառնալէ ետք, սակայն, ան սկսած է խուսափիլ այդ որակումէն` չվիրաւորելու համար Թուրքիան, որ ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու առանցքային գործընկերներէն մէկն է»:

 

Նախորդը

ՀՈՄՍ – ԹԱՐԹՈՒՍ ՔԱՐԻՒՂԻ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԸ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒԵՑԱՒ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.