Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Դիմելու Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ

January 28, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

MHM84740«Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններուն  նկատմամբ իրականացուած ոտնձգութիւնները կանխելու համար Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիմել-չդիմելու համար պէտք է որոշում տայ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը»,  յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` երէկ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը այսօր կրնան լիարժէք իրականացնել իրենց առաքելութիւնը:

«Չեմ կարծեր, թէ այս վերջին տարիներուն, եւ մանաւանդ հայկական զինեալ ուժերու ընդհանուր ստեղծման եւ կայացման ամբողջ հոլովոյթը, որ բերած է այնպիսի իրավիճակի մը, ուր հայկական բանակը ապացուցած է, որ անընդհատ կատարելագործուող, հզօրացող եւ զարգացող բանակ է, այս լարուածութեան փոքր ձեւերը կրնան մեզի ստիպել, որ մենք դիմենք ՀԱՊԿ-ին: Մենք պատրաստ ենք այսօր որեւէ գործողութեան եւ մենք ե՛ւ այդ գիծը, ե՛ւ շփման գիծը, ե՛ւ նաեւ հակառակորդի տարածքը անհրաժեշտութեան պարագային ճիշդ մօտակայ խորութեան մէջ կրնանք վերածել թէժ կէտի մը, որմէ ինքն ալ գլուխ պիտի չհանէ», յայտարարած է նախարարը:

Ըստ Օհանեանի, Ազրպէյճան այսօր կը շարունակէ գերռազմականացման քաղաքականութիւնը` հետապնդելով մէկ նպատակ. պարտադրել քաղաքական զիջումներ: Դրացի պետութեան այսպիսի գործելաոճը, նախարարին  կարծիքով, լրջագոյն վտանգ է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ շրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար: «Հարիւր առ հարիւր բացառել, որ մարտական գործողութիւններ այս կամ այն տիպի չեն կրնար ըլլալ, զինուորական կառոյցի ղեկավարը չի կրնար ինքն իրեն արտօնել: Բայց մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, նաեւ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի, որպէսզի ատիկա  չվերածուի լայնածիր պատերազմի: Եւ կը կարծեմ, որ այսօր այդ միտումը մենք չենք տեսներ», ընդգծած է Օհանեան:

Նախարարը տեղեկացուցած է, որ անցեալ տարուան 12 նոյեմբերին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ հակառակորդի հարուածէն հայկական զինուորական ուղղաթիռի կործանումէն ետք, անհամաչափ պատասխան արդէն իսկ եղած է:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վարժական թռիչքի մը ընթացքին հայկական զինուորական ուղղաթիռի` ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ կործանման առնչութեամբ, հայկական բանակին մէջ տեղի ունեցած է ծառայողական քննութիւն, եղած են պաշտօնանկութիւններ, պատիժներ, յարուցուած է քրէական գործ, որ ընթացքի մէջ է», յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:

Միաժամանակ, նախարարը ընդգծած է, որ «մեղքը չափէն աւելի ոչ թէ ուղղաթիռի անձնակազմինն է, որ ծրագրուած վարժական թռիչք կատարած է` քիչ մը շեղումով, այլ հակառակորդինն է, որ խախտելով զինադադարը, հարուածած է ուղղաթիռը»:

 

 

Նախորդը

Միրզոյեան. «ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակներուն Հետ Կ՛աշխատինք Յանուն Մէկ Նպատակի, Յանուն Մէկ Գաղափարի»

Յաջորդը

Զարիֆի Հաստատումով` Հայ-Իրանեան Երկաթուղիի Կառուցման Վերաբերեալ Եռակողմ Լաւ Որոշումներ Տրուած Են

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.