Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմաններուն Վրայ Կացութիւնը Կը Մնայ Լարուած . Ազրպէյճան Ծանր Կորուստներ Կը Կրէ

January 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12415_artsԱզրպէյճանցի հակառակորդը, շարունակելով սահմանային իրավիճակը ապակայունացնող գործողութիւնները, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ սահմանի տարբեր հատուածներուն վրայ կը շարունակէ ներթափանցումներու եւ յարձակումներու մարտավարութիւնը: Այս մասին գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան` դիմատետրի իր էջին մէջ:

«Ազրպէյճանական զինեալ ուժերը, առանց նկատի ունենալու իրենց մեծաթիւ կորուստները, զորս կոպտօրէն կը թաքցնեն, կը շարունակեն  մարտավարական առումով անիմաստ ներթափանցումներու փորձեր իրականացնել: Գիշերուան ընթացքին կատարուած խախտումներուն ընդհանուր թիւը կ՛անցնի 300-ը»,  գրած է Յովհաննիսեան` շարունակելով.  «Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9:00-ի սահմաններուն ազրպէյճանական բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները յարձակած են նաեւ Տաւուշի մարզի Բերդի շրջանի մարտական դիրքերէն քանի մը հատին ուղղութեամբ: Հայկական բանակի համապատասխան ստորաբաժանումներուն կողմէ ժամանակին յայտնաբերուելով մարտ սկսած է, որ տեւած է շուրջ կէս ժամ: Հակառակորդը կորուստներ կրելով եւ մարտական ծրագիրը  չկատարելով ետ շպրտուած է, սակայն ցաւօք հայկական կողմը ունի երկու զոհ եւ վիրաւորներ: Զոհուած են սպայ Կարէն Գալստեան եւ շարքային զինուոր Արտակ Սարգսեան»:

«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը բաժնէ մեր շարքերէն հեռացած զինուորներուն, կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ  անոնց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն»,  ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արծրուն Յովհաննիսեան շեշտած է, որ լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը եւ հետեւանքները կը մնան Ազրպէյճանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութեան խիղճին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը նաեւ գրած է. «Ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր լկտի քաղաքականութիւնը սեփական զինուորներուն եւ անոնց հարազատներուն նկատմամբ:  Երէկ միայն ցերեկային ժամերուն անոնք կորսնցուցած են երեք զինուորներ Քարվաճառի հատուածին մէջ, իսկ Արցախի հարաւային շրջանին մէջ արձակազէն խումբի հրամանատար մը, որ ինկած է հայուհիի դիպուկ գնդակէն: Ազրպէյճանի քաղաքացիները թող գիտնան, որ իրենց զաւակները ոչ միայն կը սպաննուին, այլ նաեւ կ՛անարգուին սեփական ղեկավարութեան կողմէ»:

Արցախ. «Թափանցման Փորձերը Կասեցուած Են»

Նախանցեալ գիշեր Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծի արեւելեան եւ  հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով հակառակորդը ձեռնարկած է ներթափանցման փորձերու, տեղեկացուցած է Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  ծառայութիւնը:

Ըստ հաղորդագրութեան, պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին նշմարած են ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ջոկատայիններու յառաջխաղացքը եւ ետ շպրտած զանոնք: Հակառակորդը դիմագրաւելու ընթացքին  պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած: Նախնական տուեալներով, ազրպէյճանցի երեք զինուոր սպաննուած է:

Միաժամանակ հակառակորդը զինադադարը  շուրջ 320 անգամ խախտած է, տարբեր տրամաչափի զէնքերէ, ականանետերէ եւ տարբեր տիպի ձեռնառումբերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 4 հազար կրակոց:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը մարտավարական իրադրութիւնը կը շարունակեն պահել վերահսկողութեան տակ` անհրաժեշտ պարագային դիմելով պատասխան գործողութիւններու, կը վստահեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նախորդը

«Ճիշդը Միայն Ծիծաղիլն Է Տաւութօղլուի Խօսքերուն Վրայ» Կ՛ըսէ Արամ Համբարեան

Յաջորդը

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Շաբաթավերջին Դ. Հանգրուանի Մրցումները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.