Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճիշդը Միայն Ծիծաղիլն Է Տաւութօղլուի Խօսքերուն Վրայ» Կ՛ըսէ Արամ Համբարեան

January 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aram-hakob-kayq«Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի` օրերս հայերուն ուղղուած ուղերձը պէտք է դիտարկել ոչ թէ առանձին, այլ իբրեւ մէկ ընդհանուր քաղաքականութեան մաս, որ 100-ամեակի շեմին հայութեան նախաձեռնութիւններուն հակազդելու համար ծրագրած է Թուրքիան», «Երկիրն այսօր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ հակառակ Տաւութօղլուի` մեղմ եւ յառաջդիմական երեւնալու բոլոր ջանքերուն, անոր յայտարարութեան ետեւ շատ իրողութիւններ թաքնուած են:

Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ այդ յայտարարութեան ինչպէ՞ս արձագանգած են ամերիկեան քաղաքական շրջանակները, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան պատասխանած է` Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հասկնան, որ Տաւութօղլու ատով Հայոց ցեղասպանութիւնը կը մերժէ նոր ձեւով: «Տաւութօղլու չ՛ըսեր, որ պէտք է ներողութիւն խնդրենք ցեղասպանութեան համար, վերադարձնենք այն, ինչ որ Թուրքիան գողցած է: Միայն կ՛ըսէ, որ մենք պէտք է այս խնդիրը անցեալին մէջ ձգենք, իսկ ատիկա արդար չէ, եւ պէտք չէ ըլլայ», յայտարարած է Համբարեան` ըսելով, որ ճիշդը միայն ծիծաղիլն է այդ խօսքերուն վրայ: «Վստահ եմ, որ թուրքերը պիտի փորձեն ամէն ինչ ընել, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ եւ աշխարհի միւս երկիրներու իշխանութիւնները հաւատան, որ հայերն ու թուրքերը երկխօսութեան մէջ են եւ կրնան այս խնդիրները միասին լուծել: Բայց ատիկա սուտ է: Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ հայերուն եւ թուրքերուն, այլ ամբողջ աշխարհի հարցն է: Ասիկա պատերազմ չէր, ոճիր էր, եւ միայն արդարութիւնը կրնայ շտկել այդ սխալը», ըսած է Արամ Համբարեան:

«Թող ներուի, որ կը կասկածինք այդ ամէնուն անկեղծութեան, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ որեւէ ձեւով իսկական բարեկամութիւն չի կրնար ըլլալ, եթէ իշխանութիւնը չընդունի ցեղասպանութեան փաստը եւ անոր հետեւանքներու վերացման համար աշխատանք չտանի», ընդգծած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր խաչատուրեան:

 

Նախորդը

«Էրտողանի Կուսակցութիւնը Հայերուն Հողեր Վերադարձնելու Ծրագիր Մշակած Է» Կ՛ըսէ Վուրալ

Յաջորդը

Արցախի Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմաններուն Վրայ Կացութիւնը Կը Մնայ Լարուած . Ազրպէյճան Ծանր Կորուստներ Կը Կրէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.