Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Եռօրեայ Սուգ` Ապտալլա Թագաւորին Մահուան Առիթով

January 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

12315_saudi_kingԼիբանանի կառավարութիւնը երէկ եռօրեայ պաշտօնական սուգ յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին մահուան սուգին առիթով:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ գուժեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին մահը` զայն կոչելով արաբ իմաստուն մը: Ան շեշտեց, որ Ապտալլա թագաւորին մահով Լիբանան կորսնցուցած է հզօր նեցուկ մը, որ մնայուն կերպով կը զօրակցէր լիբանանեան ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութեան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցական հեռագիրներ յղեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին մահուան սուգին առիթով:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան գուժեց Ապտալլա թագաւորին մահը: Միֆթին եւ անոր թելադրանքով Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր մզկիթներուն մէջ ուրբաթ կէսօրուան նամազէն ետք հոգեհանգստեան աղօթք մատուցուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին յիշատակին:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ սուգ յայտարարելու` իբրեւ ժողովրդային երախտիք Ապտալլա պըն Ապտեզ Ազիզ թագաւորին, որ օր մը օրանց չէ զլացած Լիբանանին օժանդակելու:

«Մենք կորսնցուցած ենք պատմական անձնաւորութիւն մը, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ շրջանին պատմութիւնը դրոշմած է նուաճումներով եւ քաղաքական աշխուժութիւնն ու յառաջդիմութիւնը ապահովող նախաձեռնութիւններով», ըսաւ Հարիրի:

Ան մաղթեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները մնան իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Ապտալլա թագաւորին մահով Լիբանան պիտի կորսնցնէ մեծ եղբայր մը, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէր Լիբանանի միասնականութեան համար:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին մահուան մասին յայտնեց. «Արաբ մեծ ասպետը ոչ եւս է»:

 

 

 

Նախորդը

Զօր. Քահուաժի Այցելեց Պըրրիի Եւ Ընդունեց Սամի Ժեմայէլը

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակը Ռաս Պաալպեքի Թալլեթ Համրա Շրջանին Մէջ Բախումներ Ունեցաւ Զինեալներու Հետ

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.