Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Պատմաբան Իւմիթ Քուրթի Հետ

January 23, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

12215_kurtԵրէկ, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` պատմաբան Իւմիթ Քուրթի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան փոխհատուցման ու իրաւունքներու վերականգնման հարցերուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին տարբեր կուսակցութիւններ հասած են իշխանութեան, սակայն ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը չէ փոխուած, Քուրթ յայտնեց, որ պէտք չէ միայն կեդրոնանալ Թուրքիոյ պետութեան ժխտողականութեան վրայ, որ շատ ուժեղ է, որովհետեւ թրքական հասարակութենէն բազմաթիւ շերտեր կը զօրակցին ժխտողականութեան:

Պատասխանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ 23 ապրիլ 2014-ին յղուած «ցաւակցական» ուղերձին մասին հարցումի մը` ան ըսաւ, որ թէեւ այդ ուղերձին բովանդակութիւնը խնդրայարոյց էր, դրական զարգացում մըն էր եւ իր մէջը օրին յառաջացուցած է այն սպասումը, որ դրական զարգացում մը պիտի արձանագրուի, սակայն Էրտողանի Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու մասնակցութեան համար Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղղած հրաւէրը յուսախաբ ըրած է զինք: Քուրթ այդ քայլը նկատեց ամօթալի եւ հակառակ ուղղութեամբ առնուած քայլ մը: Ան ըսաւ, որ Էրտողան հայկական հարցը զոհեց` յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ իր ընտրական հաշիւներուն:

Անդրադառնալով փոխհատուցման հարցին` Քուրթ ըսաւ, որ անհրաժեշտ է ճնշում բանեցնել, որպէսզի Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որմէ ետք փոխհատուցումն ու իրաւունքներու վերականգնումը մեքենայաբար ուժի մէջ կը մտնեն:

Ան ըսաւ, որ իրաւունքներու վերականգնման համար պէտք է նախ Թուրքիոյ դատարաններուն մէջ դատ բանալ, իսկ ատկէ ետք կարելի է միջազգային դատարաններուն ապաւինիլ` ընդգծելով, որ թրքական դատարանները չեն կրնար այդ դատական հայցերը մերժել:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք մտաւորականները ընդհանրապէս ձախակողմեաններ են` Քուրթ պատմեց. «22 տարեկան էի, երբ իմացայ, թէ հարազատ քաղաքիս` Այնթապի մէջ հայեր կային: Ես ձախակողմեան շարժումի մը անդամ էի եւ ոչինչ գիտէի»: «Ընդհանրապէս ձախակողմեանները կը ճանչնան, սակայն ոչ բոլոր ձախակողմեանները: Ձախակողմեան շարժումին մէջ քեմալական ազգայնականութիւնը հզօր է, ուստի պէտք է ճշդել, թէ ինչպիսի՛ ձախակողմեանի մասին է խօսքը», աւելցուց ան:

Ան այն համոզումը յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին շուրջ լռութեան պատը կրնայ փլիլ իսլամ պահպանողականներուն կողմէ: Ան յիշեցուց այն պատմութիւնները, ըստ որոնց, բարեպաշտ իսլամներ հայերու կեանքը փրկած են: «Ուստի, քաղաքական այդ շարժումը պէտք է սկսի ընկերութեան այդ հատուածին մէջ, որ Թուրքիոյ մէջ մեծամասնութիւն է», ըսաւ Իւմիթ Քուրթ:

Անգլերէնով կատարուած հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկային պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Վերահաստատէ Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Սուրիահայութեան

Յաջորդը

Սոմալի. Ականահարում Մը Թիրախ Դարձուց Թրքական Պատուիրակութեան Մը Իջեւանած Պանդոկը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.