Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱՅԻ – ԺՈՄՊԼԱԹ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

July 29, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի եւ Սֆէյր պատրիարքները` ընկերվար յառաջդիմական պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն ընկերակցեցան նախարարներ Ղազի Արիտի, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ալաէտտին Թըրրօ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Նաամէ Թոհմէ, Էլի Աուն, Աքրամ Շեհայէպ եւ Շուֆի Մաասեր գիւղաքաղաքի քաղաքապետ Շարլ Նժէյմ:

Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ռայի պատրիարքին Լեռնալիբանան կատարելիք այցելութիւնը եւ անոր նախօրեակին տարուող նախապատրաստական աշխատանքները:

Քննարկումի ենթարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին կացութեան ամրապնդումը, որպէսզի երկիրը չազդուի շրջանային զարգացումներէն:

Ժոմպլաթ դրուատեց Ռայի պատրիարքին կողմէ Պքերքէի մէջ երկխօսութեան ձեռնարկումը եւ աւելցուց, որ այդ նախաձեռնութիւնը հանգստութիւն ու խաղաղութիւն ստեղծած է:

Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարը մտահոգութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիրախ դարձնող պայթումին առնչութեամբ: Ան շեշտեց, որ ինք մտավախութիւն ունի, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ստեղծուի ապակայուն վիճակ, որ կը ծառայէ իսրայէլացիներուն շահերուն:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ 6 եւ 7 օգոստոսին հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Շուֆ:

ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ այցելեցին նաեւ հիւսիսային Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Պասսամ Տայայի, երեսփոխան Միշել Մըրի խորհրդական Միշել Շուէյրի, ինչպէս նաեւ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի թեկնածուներէն Մեսուտ Աշքար:

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ ՔՈՆԵԼԼԻԻ ԵՒ ԺԵՄԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓԻԵԹՈՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.