Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քնայթրայի Մէջ . Հըզպալլայի Մարտիկներ Թիրախ Դարձան Իսրայէլեան Օդուժի Ռմբակոծումին

January 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժիհատ Իմատ Մուղնիէ
Ժիհատ Իմատ Մուղնիէ

Իսրայէլեան ուղղաթիռներ երէկ երեկոյեան Սուրիոյ Քնայթրա շրջանին մէջ ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Հըզպալլայի վեց մարտիկներ, երբ անոնք հետախուզական պարտականութեամբ մը ուղղուած էին Մազրաաթ Ամալ շրջանը:

Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ գուժեց իր մարտիկներուն նահատակութիւնը:

Անոնք են.

– Մոհամետ Ահմետ Իսա` «Ապու Իսա»: Ծնեալ` 1972-ին, Արապսալիմ, ամուսնացած է եւ ունի չորս զաւակ:

– Ժիհատ Իմատ Մուղնի` «Ժաուատ»: Ծնեալ` 1989-ին, Թայրտըպպա, ամուրի:

– Ապպաս Իպրահիմ Հիժազի` «Սէյիտ Ապպաս»: Ծնեալ` 1979-ին, Քֆարֆիլա, ամուսնացած է, ունի չորս զաւակ:

– Մոհամետ Ալի Հասան Ապու Հասան` «Քազեմ»: Ծնեալ` 1985-ին, Այն Քանա, ամուրի:

– Ղազի Ալի Տաուի` «Տանիէլ»: Ծնեալ` 1988-ին, Խիամ, ամուսնացած է, ունի մէկ զաւակ:

– Ալի Հասան Իպրահիմ` «Իհապ»: Ծնեալ` 1993-ին, Եոհմոր Շքիֆ, ամուրի:

Կը նախատեսուէր, որ ուշ գիշերին նահատակ մարտիկներուն աճիւնները փոխադրուէին Լիբանան:

Այս միջադէպին բացայայտումէն անմիջապէս ետք Հըզպալլա զօրաշարժի ենթարկեց ինքզինք հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ, իսկ գործողութենէն վայրկեաններ ետք իսրայէլեան ուժերը  Մազարեհ Շեպաայի մէջ զօրաշարժի ենթարկուեցան:

Աւելի ուշ, իսրայէլեան ուժեր Մազարեհ Շեպաայի վերեւ լուսաւորող ռումբեր արձակեցին:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ իսրայէլեան ուժեր, յատկապէս հիւսիսային շրջանին մէջ, կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ են` Հըզպալլայի կողմէ հաւանական հակազդեցութեան ի տես:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայաններ հաստատեցին, որ Հըզպալլա անպայման պիտի հակադարձէ այս գործողութեան, նոյնիսկ եթէ անիկա պատահած էր Սուրիոյ հողերուն վրայ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն մերժեց Քնայթրայի դէպքին մասին մեկնաբանութիւններ կատարել:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ուղղակի թշնամիին կողմէ Դիմադրութեան մարտիկները թիրախ դարձնելով եւ նահատակներուն փաղանգը մեծցնելով Դիմադրութիւնը կը զօրանայ. ան զօրակցութիւն յայտնեց Դիմադրութեան:

Համաս իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Դիմադրութեան` շեշտելով այդ քստմնելի գործողութեան զօրաւոր հարուածով մը հակադարձելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Տինքի Հարցով Ոստիկանապետ Մը Ձերբակալուած Է

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.