Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Դեկտեմբեր – Դ.). Ինքնաքննարկման Մօտեցումով, Աշխատանքի Վերանորոգ Թափով

January 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1796728_481697905265574_927816378_o«Գանձասար»-ի փակուող տարին եղաւ դժուարութիւններու դիմագրաւման ու աշխատանքներու վերակազմակերպման ջանքերով յատկանշուող տարի մը:

Ամանորի սեմին թերթիս տարեկան աշխատանքներու անկեղծ քննարկումով` մեր ընթերցողներուն հետ կը բաժնենք մեր մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները:

«Գանձասար»-ի խմբագրակազմը ունեցաւ ե՛ւ կորուստներ, ե՛ւ աշխատանքային դժուարութիւններ, ե՛ւ բացթողումներ, ե՛ւ ձեռքբերումներ:

Սրտի խոր կսկիծով հրաժեշտ տուինք պայթումի մը իբրեւ հետեւանք նահատակուած թերթիս ցրուիչ Վրէժ Ճապաղջուրեանին. երկրիս տագնապին ստեղծած տնտեսական թէ ապահովական բազմապիսի կաշկանդումներով մէկտեղ թերթը շարունակեց իր անխափան ընթացքը:

Թերթի մը կենսունակութեան գլխաւոր աղբիւրը անոր աշխատակիցներու աշխուժ գործակցութիւնը նկատելով` աշխատանք տարինք «Գանձասար»-ին շուրջ համախմբելու մտաւորական մեր ընտրանին, յատուկ տեղ տրամադրեցինք սփիւռքահայ թէ հայրենի մեր հրապարակագիրներուն եւս: Փորձեցինք թերթին բովանդակութիւնը առաւել ընդգրկուն դարձնել, քաջալերեցինք նաեւ երիտասարդ գրիչները, միշտ նկատի ունենալով լրագրական կամ հրապարակագրական դաշտի մէջ մարդուժի պատրաստութեան հեռանկարը: Այս համոզումով մեր կարելին ի գործ դրինք տեղ տալու բոլորին, միաժամանակ սակայն յարգելով որակի պահպանման խիստ կարեւորութիւնը: Թերթը մեր գաղութին պատկերն է վերջապէս, եւ անհրաժեշտ է բծախնդիր ըլլալ յատկապէս արեւմտահայերէնի անթերի օգտագործման մէջ եւ արդարացումներ չգտնել մեր իսկ կողմէ երբեմն պատահած վրիպումներուն կամ գրաշարական սխալներուն համար:

Փորձեցինք ընդլայնել մեր ընթերցողներուն շրջանակը եւ որոշ չափով յաջողեցանք «Գանձասար»-ի տպաքանակը բարձրացնել ու մանաւանդ համացանցային մեր ընթերցողներու թիւը եռապատկել: Այս դաշտին մէջ սակայն մեր աշխատանքները կատարելագործուած չեն, տակաւին շատ բան ունինք ընելիք` արդիականացնելու մեր համացանցային բաժինն ու հասանելի եւ մատչելի դառնալու աւելի լայն շրջանակներու: Աւելի՛ն, մեր ուժերը լարեցինք սուրիահայութեան առնչուող լուրերը օրը օրին եւ ժամը ժամին հասցնելու սփիւռքեան թէ հայրենի մեր մամուլին` յատկապէս նկատի ունենալով «Գանձասար»-ի սուրիահայութեան միակ պաշտօնաթերթը ըլլալու հանգամանքը:

Անդրադարձանք համահայկական կարեւոր խնդիրներուն, տեղ տուինք գաղութային հարցերու անկեղծ քննարկման, որոնց ի տես երբեմն եղան քննադատութիւնը ճիշդ չընկալող կողմեր: Այստեղ կ՛ուզենք շեշտել, թէ առողջ քննադատութիւնը, հեռու անհիմն ցեխարձակումներէ, ինքնասրբագրման եւ կատարելագործման ազդակ է, եւ անհրաժեշտ է կարեւորել քննադատական մտածելակերպի զարգացումը մեր մամուլին ճամբով:

Պէտք է առաւել ճիգ թափենք առարկայական տուեալներով արձագանգելու սուրիահայութեան տագնապի տարբեր երեսներուն, գաղութին մէջ  գոյատեւող թէ հայրենիք հաստատուած սուրիահայերուն հետ կապուած հարցերուն, տագնապներուն եւ դրական նախաձեռնութիւններուն: Այս առումով թերթէն ակնկալուածը շատ աւելին է ցարդ կատարուածէն: Գաղութիս մէջ լրագրական մարդուժի նկատառելի նօսրացումը պէտք չէ արգելք հանդիսանայ աշխատանքի մեր թափին առաւել աշխուժացման:

«Գանձասար»-ը տարին կը բոլորէ երիտասարդ աշխատակազմով, աշխուժ աշխատակիցներով, աշխատանքի նոր թափով, դժուարութիւններուն դէմ չընկրկելու վճռականութեամբ եւ մեր կարելիութիւններուն առաւելագոյնը հայ մամուլին ի սպաս դնելու խոստումով:

Այստեղ յատկապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեզի հետ գործակցող բոլոր կողմերուն` հայկական մամուլի մեր գործընկերներուն, աշխատակիցներուն, յօդուածագիրներուն, միութիւններուն թէ հաստատութիւններուն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին առաւել լուրջ աշխատանք ունինք տանելու` յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջատէրի մեր կեցուածքը շեշտադրելու եւ այս առումով մեր դարաւոր թշնամիին սկսած տեղեկատուական պատերազմին մէջ զգօն ըլլալու համար:

Տարին կը փակենք քաղաքական, կենցաղային, տնտեսական շարունակուող վերիվայրումներով, խաղաղութեան յոյսով եւ լաւագոյն բարեմաղթութիւններով:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ:

Զ. Պ.

Նախորդը

Համացանցային Անդրադարձներ

Յաջորդը

Յետ Եղեռնի. Գաղութային Կազմաւորում

RelatedPosts

Յուշերու Կապոց.  Զայրացող Լեզուագէտը, Որ Փափուկ Սիրտ Ունէր  (Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Արմենակը

November 14, 2026
«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.