Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԸ

July 28, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ խստիւ դատապարտեցին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ գործուած պայթումը, որ թիրախ դարձուցած էր ֆրանսական ջոկատը:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը նկատել տուին, որ այդ պայթումը թիրախ կը դարձնէ նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը եւ միջազգային օրինականութեան նկատմամբ Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ պայթումը կը ծառայէ Իսրայէլի շահերուն», նշուեցաւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ եւ նկատել տրուեցաւ, որ անհրաժեշտ է ձերբակալել յանցագործները եւ զանոնք դատավարութեան ենթարկել:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ նման յարձակում մը չէր գործուեր, եթէ երկրին մէջ միջազգային օրինականութեան հակառակելու մթնոլորտ մը չքաջալերուէր Հըզպալլայի կողմէ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը դատապարտեցին նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին դէմ Հըզպալլայի կեցուածքները, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանուած անձերը սրբութեան մակարդակին հասցնելը գրգռութիւն կը նկատուի:

Այս շրջագիծին մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մերժեցին նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ Հըզպալլայի սանձազերծած արշաւը` զայն նկատելով քաղաքական սպանութիւն:

 

 

Նախորդը

ԺԱՀԺԱՀ. «ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ԿԱՅՈՒՆ ԴԱՌՆԱԼ ԱՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԻԱՅՆ, ԵՐԲ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ԵՐԿՐԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԱՄԲՈՂՋ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ»

Յաջորդը

ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՐԶԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.