Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՄԱՍ ՄԵԼԻԱ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍԵԼՈՒ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՋԱՆՔԵՐԸ

July 28, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թոմաս Մելիա

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով ենթայանձնախումբին մէջ` «Ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու վիճակը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ» նիւթով քննարկման ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերով փոխտեղակալ Թոմաս Մելիա Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց 1 մարտ 2008-ի իրադարձութիւններուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն մահուան հանգամանքներուն լիակատար հետաքննութիւն կատարելու:

Ողջունելով ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութեան սկսելու Հայաստանի իշխանութիւններուն ջանքերը` Թոմաս Մելիա յորդորեց այդ ջանքերուն մէջ ընդգրկել ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւնները:

Մելիա յայտնեց, որ 2008-ի նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած բախումներուն պատճառով բանտարկուածները ազատ արձակելու` կառավարութեան քայլը եւս դրական զարգացում է: Այսուհանդերձ, ան կոչ ուղղեց կառավարութեան կատարելու իր խոստումը եւ առաւել ամբողջական հետաքննութիւն կատարելու 10 զոհերու մահուան պատճառ դարձած յետընտրական բախումներուն հանգամանքները բացայայտելու ուղղութեամբ:

Թոմաս Մելիա ընդգծեց, որ 2012-ի ընտրութիւնները կառավարութեան համար կարեւոր կարելիութիւն են` յառաջընթաց ցոյց տալու ժողովրդավարացման ուղղուած իր պարտաւորութիւններու կատարման գործին մէջ:

Լրատուամիջոցներու ազատութեան նիւթին անդրադառնալով` ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ընդգծեց բազմակարծութեան խթանման, անկախ լրատուամիջոցներու նկատմամբ աւելի մեծ յարգանքի անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Նախորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱՏԱՐԸ

Յաջորդը

«ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋԱՐԿԵՆՔ, ՈՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՌԱՋ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԻ ՎԱՐՔԱԿԱՆՈՆ» Կ՛ԸՍԷ ԳԱԳԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.