Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովական Մտավախութեանց Մթնոլորտի Մէջ. Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցը Տեղքայլի Մէջ Է

December 27, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1226_ahali-3askariyinԱպահովական մտավախութեանց լոյսին տակ, առեւանգեալ զինուորականներու հարցը «մակընթացութեան մէջ է» առնչակից կողմերու ցուցաբերած կեցուածքներուն լոյսին տակ: Արդարեւ, կարգ մը դէտեր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ յարձակում մը հաւանական նկատեցին Արսալ-Քալամուն ճակատին վրայ թէ Ռումիէի բանտին ուղղութեամբ: Փոխադարձաբար, նոյն աղբիւրները հաւանական նկատեցին, որ լիբանանեան բանակը նախայարձակ քայլով գործողութեան մը ձեռնարկէ Արսալի բարձունքներուն ուղղութեամբ` ազատելու համար առեւանգեալ զինուորականները: Նոյն աղբիւրները այս հաւանականութեան վերագրեցին բանակի ութերորդ զօրամասի հրամանատարին փոփոխութիւնն ու ապահովական խիստ միջոցառումներու որդեգրումը Արսալի ուղղութեամբ:

Այս ծիրին մէջ բանակը աւազապարկերով եւ հողաթումբերով ամրացուցած է իր դիրքերը` կանխարգիլելու համար որեւէ հաւանական ոտնձգութիւն ահաբեկիչներու կողմէ: Այս իմաստով, ընտրական հետազօտութեանց մասնագէտ` «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքի պատասխանատու Ռապիհ Հապր երէկ ձայնասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի 3500 զինեալներ հասած են Արսալի բարձունքները` առ ի պատրաստութիւն հաւանական գործողութեան մը: Որդեգրուող ապահովական միջոցառումներուն պատճառով բանակը յաջողեցաւ սանձել ահաբեկիչներու Լիբանան մուտքը` սպաննելով անոնցմէ երեքը:

Առեւանգուած Զինուորականներու Ծնողներու
Պատուիրակութիւնը` Ժահժահի Մօտ

Միւս կողմէ, առեւանգեալ զինուորականներու ծնողներէն պատուիրակութիւն մը, պատկան կողմերու եւ պատասխանատուներու տուած իր այցելութեանց ծիրին մէջ, երէկ այցելեց Մաարապ, ուր տեսակցեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Այս առիթով Ժահժահ անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը փութայ անյապաղ լուծում մը գտնելու այս թնճուկին եւ «ազատէ առեւանգեալ զինուորականները, ինչպէս նաեւ` մեզ ու Լիբանանը այս գերեվարուած վիճակէն»: Ժահժահ թելադրեց երբեք չյուսալքուիլ, որովհետեւ «Աստուած իրաւունքը կը վերադարձնէ իր տէրերուն, հակառակ պայմաններու դառնութեան»:

Ֆլիթի. «Ոչ Մէկ Նորութիւն»

Իր կարգին, Արսալի փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթի երէկ յայտնեց, թէ ոչ մէկ նորութիւն ունի փոխանցելիք առեւանգեալ զինուորականներու հարցով: «Մարքազիէ» լրատու գործակալութեան հարցումներուն պատասխանելով` Ֆլիթի յայտնեց, որ զինուորականներու ազատութեան գծով առաջարկ մը ներկայացուցած է ՏԱՀԵՇ-ին ու համոզած անոր պատասխանատուները եւ այժմ կը սպասէ այս գծով լիբանանեան պետութեան պատասխանին: Ըստ Ֆլիթիի, այս հարցին լուծման կոչուած ենթայանձնախումբը կրնայ մօտերս նիստ մը գումարել, «որուն փոխանցելիք պատասխանը պիտի յայտնեմ ՏԱՀԵՇ-ին»:

Փոխադարձաբար, իրազեկ աղբիւրներ բաղդատական մը կատարելով դրական զարգացում կը նկատեն այս հարցի լուծման գծով: Փաստօրէն, նախապէս առեւանգեալ մէկ զինուորականի փոխարէն տասը բանտարկեալներու ազատ արձակումը կը պահանջուէր, մինչ ներկայիս, Ֆլիթիի «միջամտութենէն» ետք, մէկ առեւանգեալի փոխարէն երեք բանտարկեալ կը պահանջէ ՏԱՀԵՇ:

Նախորդը

Անիւներու Հրկիզում` Առ Ի Բողոք Կրպակներու Վերացման

Յաջորդը

Պաշտօնական Արձակուրդ` 3 Եւ 6 Յունուարին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.