Armsport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին, 50 տարեկան հասակին մէջ մահացաւ հայրենի ճատրակի հանրածանօթ իրաւարար` Արմէն Նիկողոսեան: Ան կը տառապէր քաղցկեղէ:
Արմէն Նիկողոսեան անդամ էր Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահութեան եւ կը գլխաւորէր ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբը:
Ան բազմաթիւ միջազգային մեծ մրցաշարքերու գլխաւոր իրաւարար եղած է:
Արմէն Նիկողոսեան նաեւ Երեւանի մամլոյ ակումբի փորձագէտ էր:


