Էսթոնիոյ մէջ յատուկ բանակում մը կատարող Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց, երբ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Արարատ Թդու խումբին: Հենրիկ Գրիգորեան նշանակեց 2 կոլ, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Սարօ Մարտանեան եւ Սարօ Գալստեան:
Նշենք, որ հայրենի կազմը իր առաջին երկու յաղթանակները արձանագրած էր Էսթոնիոյ հաւաքականին դէմ: Armsport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Արման Սահակեան իր վերջին մրցումը կատարեց հաւաքականին հետ` նկատի ունենալով, որ ան որոշած է աւարտել իր ասպարէզը հաւաքականին հետ:


