Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրագունդի Մթնոլորտի Օզոնի Շերտը Կը Սկսի Վերականգնիլ

December 22, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1221_Ozone«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Օդերեւութաբանութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ ՄԱԿ-ի Շրջակայ միջավայրի ծրագիրի` Ժընեւի մէջ հրապարակած զեկուցումին մէջ նշուած է, որ երկրագունդը կործանարար անդրմանիշակագոյն ճառագայթումէն պաշտպանող օզոնի շերտը «վերականգնելու առաջին նշանները կը դրսեւորէ»:

Հետազօտութիւնը, որուն մասնակցած են 37 երկիրներէ շուրջ 300 գիտնականներ, ցոյց տուած է, որ դէպի մթնոլորտ հիտրոքլորոֆորքարպոններու եւ օզոնը քայքայող այլ նիւթերու արտահոսումները նուազեցնելու ուղղութեամբ համաշխարհային ընտանիքին կողմէ ձեռնարկուող միջոցները արդիւնք կու տան:

Մասնագէտներու նախատեսութիւններուն համաձայն, եթէ այսուհետեւ ալ այսպէս շարունակուի, ապա ներկայ 100-ամեակի կէսերուն օզոնի շերտը պիտի հասնի 1980-ի մակարդակին, որ «ելակէտ»  ընդունուած է: 1980-էն ետք եղող ժամանակաշրջանը բնութագրուած է մթնոլորտին մէջ օզոնի խտութեան արագ նուազմամբ:

Փորձագէտները կը նշեն, որ օզոնի շերտին վնաս հասցնող նիւթերու օգտագործումէն մարդկութեան լիակատար հրաժարումը կրնայ «պաշտպանիչ շերտի» վերականգնումը արագացնել 11 տարիով:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Ռուսիոյ Կոչ Ուղղած Է` Չեղեալ Նկատելու Աբխազիոյ Հետ Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Թուրք Ակադեմական Մը Էրտողանը Վիրաւորելուն Համար Դատապարտուած Է Բանտարկութեան

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.