Ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները կ՛աշխատին գործադրելու Միջազգային դատական ատեանին կողմէ հրապարակուած ամբաստանագիրները:
Միրզա նկատել տուաւ, որ այդ իմաստով արդէն իսկ կարգ մը քայլեր առնուած են` աւելցնելով, որ ինք գոհ կը զգայ երկրին դատական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութենէն:
Միրզա նկատել տուաւ, որ ամբաստանագիրներուն կցուած բերման գիրերը գործադրելու առումով Լիբանան իրեն յատկացուած 30 օրը ամբողջացնելէ ետք իր աշխատանքին մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացնէ Միջազգային դատարանին: «Բերման գիրերը գործադրելու ժամկէտին երկարաձգումը անհաւանական է, հետեւաբար այդ պայմանաժամին հետ կ՛աւարտի նաեւ լիբանանեան իշխանութիւններուն դերակատարութիւնը` բերման այդ գիրերը գործադրելու իմաստով», ըսաւ Միրզա:
Նշենք, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ հրապարակուած էր նախնական ամբաստանութիւն մը, որուն կցուած էին նաեւ չորս բերման գիրեր` ամբաստանեալներ Մուսթաֆա Պատրէտտինի, Սելիմ Այյաշի, Ասատ Սապրայի եւ Հիւսէյն Օնէյսիի դէմ:


