Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Փաստերով Ուղեցոյց Մը Հրատարակուած Է

December 19, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

kiro-manoyan-kayq«Դրացիներ. հայեացք Հայաստանէն» գիտաժողովը հատած է եզրային գիծը: Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի տեղեկատուութեան  ծառայութենէն  «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են, որ 15-17 դեկտեմբերին տեղի ունեցած գիտաժողովը  կազմակերպած  էր «Շրջանային իրադարձութիւններու գիտավերլուծական կեդրոն»-ը, Երիտասարդ գիտնականներու  աջակցման ծրագիրի, Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի, Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցի, Ամերիկայի հայկական համագումարի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան  Պետական կառավարման կաճառի աջակցութեամբ: Գիտաժողովին ընթացքին  մասնագէտները անդրադարձած են Արցախի շուրջ ստեղծուած իրադարձութիւններուն, ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման եւ արաբական աշխարհին մէջ համապատասխան զարգացումներուն, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան իրաւական եւ  քաղաքագիտական դիտանկիւններուն:

17 դեկտեմբերին` գիտաժողովի փակման օրը, տեղի ունեցած է Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցի ղեկավար, թրքագէտ Արտակ Շաքարեանի «Ուղեցոյց երիտասարդ դեսպանին. փաստեր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ» գիրքին  շնորհահանդէսը: Գիրքը տպուած է Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի  գործընկեր կազմակերպութեան կողմէ  յայտարարուած դրամաշնորհային մրցումի ծիրին մէջ: Գիրքը, ըստ էութեան, կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրին եւ ամփոփ կը ներկայացնէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը  իբրեւ հատուցում պաշտօնապէս ի՛նչ կը պահանջէ Թուրքիայէն:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու  գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան գիրքը կարեւոր հրատարակութիւն նկատած է: «Այս գիրքը կը զինէ երիտասարդութիւնը այն կարեւոր պատասխաններով եւ մօտեցումներով, որոնք յաճախ թրքական կողմը կը խեղաթիւրէ իր տեսակէտին մէջ ներկայացնելով», նշած է ան: Կիրօ Մանոյեան յատկապէս կարեւոր նկատած է գիրքին յառաջաբանը, ուր կը ներկայացուի, որ Թուրքիա  որդեգրած է կասկած յարուցելու քաղաքականութիւն:

Ըստ Մանոյեանի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին սեմին, միայն մենք յաջողեցանք ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցում պահանջող համապարփակ թղթածրար, որովհետեւ  անցեալի բազմաթիւ նման փորձերը անյաջողութեան մատնուած էին:

Արտակ Շաքարեան, ներկայացնելով «Ուղեցոյց երիտասարդ դեսպանին. փաստեր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ» գիրքին  օգտակարութիւնը, նշած է. «Կը թուի, թէ հայ հանրութիւնը ամբողջովին տեղեկացուած է Հայոց ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն: Սակայն, իրականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին մեր ժողովուրդին անդամներուն զգալի մասին գիտելիքները ո՛չ հիմնաւոր են, ո՛չ ալ, առաւել եւս, փաստարկուած: Մինչդեռ նշուած հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ թերի տեղեկացուած հայ երիտասարդները, արտասահմանի մէջ զանազան առիթներով հանդիպելով թուրք եւ ազրպէյճանցի  համապատասխան կառոյցներու կողմէ նախօրօք պատրաստուած անձերու, յաճախ դժուար իրավիճակներու մէջ կը յայտնուին: «Ուղեցոյց երիտասարդ դեսպանին» աշխատանքը ուղղուած է լրացնելու այս բացը»:

Գիրքին մէջ ներկայացուած նիւթերուն ծիրին մէջ  ուսումնասիրուած  են Հայոց ցեղասպանութեան մասին թրքական գրականութիւնն ու հակահայկական կայքերու քարոզչական բնոյթը: Այս մարզին մէջ ճանչցուած հայ մասնագէտներու  հետ քննարկուած են թրքական ժխտողական հիմնական թեզերը, միացեալ փորձ կատարուած է վերջիններուն տալու կարելի եղածին չափ  հիմնաւոր, սեղմ եւ ընդգրկուն պատասխաններ: Գիրքին մէջ, մասնաւորապէս կը քննարկուին Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն թիւը, հայերու  ինքնապաշտպանութիւնները, բռնագաղթի` իբրեւ բնաջինջ գործիքի օգտագործումը, ինչպէս նաեւ  օսմանեան դատարանին կողմէ հայերու  կոտորածներուն դատապարտումը:

Գիրքը նախատեսուած է արտասահման մեկնող երիտասարդներուն համար, որոնք այս կամ այն ձեւաչափով պիտի քննարկեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, կամ հանդիպումներ պիտի  ունենան թուրք պաշտօնակիցներու հետ:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Նախկին Եւ Ներկայ Համանախագահները Քննարկած Են Ղարաբաղեան Խնդիրը

Յաջորդը

Աբրահամեան. «Պիտի Չհանդուրժենք Գիներու Անհիմն Աճը»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.