Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Ռուբլին, Հայկական Դրամը Եւ Թրքական Լիրան Մեծ Անկում Կը Կրեն

December 17, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1216_Lira-RoubleԱՖՓ կը հաղորդէ, որ թրքական լիրան երէկ մրցանշային անկում կրած է, երբ ներդրողները ռուսական ռուբլիի անկումին եւ թրքական լրատուամիջոցներուն դէմ արշաւին լոյսին տակ հեռացած են մակարդակի բարձրացում արձանագրող շուկաներէն:

Թրքական լիրան մէկ տոլարին դիմաց մրցանշային անկում արձանագրած է` հասնելով 2,41-ի: Լիրան 15 դեկտեմբերին մէկ տոլարին դիմաց 2,39 արձանագրած էր, ապա քիչ մը բարելաւուելով բարձրացած էր 2,37-ի:

Թրքական լիրան նաեւ անկում արձանագրած է եւրոյի դիմաց` հասնելով 3,03-ի, ապա քիչ մը բարելաւուելով կանգ առած է 2,98-ի վրայ:

Թրքական դրամանիշին արժէքը այժմ աւելի ցած է, քան յունուարի վերջաւորութեան, երբ Թուրքիա ելեւմտական լայնածաւալ ճգնաժամի մը եզրին էր, սակայն Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատունը միջամտած էր` բարձրացնելով տոկոսները:

14 դեկտեմբերին տասնեակներով լրագրողներու ձերբակալութիւնը ցնցած էր շուկան, որ արդէն իսկ մտահոգ էր Թուրքիոյ դժուարութիւններու առջեւ գտնուող ռուսական ռուբլիին առնչուած շուկաներուն կապակցութեամբ:

Թրքական լիրայի նկատմամբ վստահութիւնը աւելի ժխտական բնոյթ ստացած է, երբ Էրտողան բուռն կերպով քննադատած է Եւրոպական Միութիւնը` լրագրողներու ձերբակալութիւնը քննադատելուն համար:

Ռուսիոյ կեդրոնական դրամատան առաջին փոխկառավարիչ Սերկէյ Շվեցով երէկ յայտնեց, որ ռուբլիի արագ անկումը «վտանգաւոր կացութիւն» մըն է եւ կեդրոնական դրամատունը շուտով յաւելեալ քայլերու պիտի ձեռնարկէ` կացութիւնը փրկելու համար:

«Ինթըրֆաքս» հաղորդեց, որ ան յայտնած է. «Կացութիւնը վտանգաւոր է: Մենք մէկ տարի առաջ մեր յոռեգոյն մղձաւանջին մէջ իսկ չէինք կրնար երեւակայել այսպիսի կացութիւն»:

Հակառակ տոկոսները 10,5 առ հարիւրէն 17 առ հարիւրի բարձրացնելու քայլին, ռուբլին երէկ շարունակեց իր սուր անկումը` հասնելով տոլարին դիմաց 80 ռուբլիի շեմին եւ քանի մը ժամուան մէջ իր արժէքը 20 առ հարիւրի անկում մը արձանագրեց:

«Ռէյթ.ամ» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մէջ կարգ մը դրամատուներու մէջ տոլարի վաճառքի առաւելագոյն գինը հասած է 550 դրամի, իսկ գնումը` 525 դրամի: Երէկ կէսօրին, ըստ նոյն կայքի տուեալներուն մէկ ամերիկեան տոլարի վաճառքի առաւելագոյն գինը դրամատուներուն մէջ 520 դրամ էր: Այսինքն` ընդամէնը քանի մը ժամուան ընթացքին վաճառքի գինը բարձրացած է 30 դրամով:

Ինչ կը վերաբերի ռուսական ռուբլիին, ապա վաճառքի առաւելագոյն գինը հասած է 9,10 դրամի, իսկ գնումը` 7,95 դրամի:

Դրամի Արժեզրկումը Սահմանափակած Է
Առեւտուրը

Ժամ առ ժամ արժեզրկուող դրամը խուճապային իրավիճակ ստեղծած է Երեւանի մէջ: Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, երէկ առաւօտեան ժամերէն շարք մը խանութներ դադրեցուցած են առեւտուրը:  Մեծ հանրախանութներու աշխատաւորները, չհասնելով պատասխանելու յաճախորդներու հարցումներուն, արագ-արագ կը կը փոխէին  գիներու պիտակները: Թարմացուող գիները աւելի կը բարկացնէին գնորդները: Շատեր պարզապէս կը հրաժարէին ընտրած ապրանքէն եւ կը նախընտրէին վերադարձնել: Սակերու բարձրացումէն բացի, սահմանափակում դրուած էր նաեւ շարք մը առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու քանակին վրայ: Օրինակ, շաքարաւազ 10 քիլոկրամէն աւելի չէին վաճառեր:

Նոյն իրավիճակը կը տիրէր նաեւ հրուշակեղէնի արտադրութեամբ զբաղող խանութներու ցանցին մէջ: Տօնական սեղաններուն քաղցրաւենիք գնել ցանկացողներուն դրամարկղի աշխատաւորները կը տեղեկացնէին, որ այդ պահուն չեն կրնար վաճառել:

Սարքեր վաճառող խանութներու ցանցին մէջ եւս  ապրանքները շարուած էին, գիներու պիտակները`  հանուած: Ընկերութեան աշխատաւորները կա՛մ կը մերժէին վաճառել, կա՛մ անընդհատ կը փոխէին գիները:

Առաւօտեան ժամերէն դրամատուները  տոլար եւ եւրօ վաճառած են սահմանափակ քանակով: Լումայափոխներուն մօտ ալ շատ դժուար էր օտար դրամանիշ գտնելը: Տոլարի գինը ցուցատախտակին վրայ 550 դրամ էր: Գնել ուզողները, սակայն, կը ստանային կարճ պատասխան` «տոլար չկայ»:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Մտադիր Են Պատժել Միացեալ Նահանգներու Մէջ Իրենց Օգտին Լոպիինկը Ձախողեցուցած Պաշտօնեաները

Յաջորդը

«Ամերիկայի Ղեկավարած Դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ին Ապահով Թաքստոց Մը Ունենալ Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Օպամա

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.