Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիոյ Եւ Պելճիքայի Մէջ Զինեալներ Պատանդներ Վերցուցին

December 16, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1215_sydneyԶինեալ մը երէկ Սիտնիի «Լինտթ» սրճարանին մէջ պատանդներ վերցուց, սակայն հինգ պատանդներ դուրս եկան սրճարանէն: Յստակ չէ, թէ անոնք փախո՞ւստ տուին, թէ՞ ազատ արձակուեցան: Զինեալը պահանջեց ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը, որուն փոխարէն ազատ արձակեց պատանդ մը: Ան դրօշը բարձրացուց սրճարանին մէկ ապակիին վրայ:

Նիւ Սաութ Ուէյլզի ոստիկանապետ Էնտրիւ Սիպոնի յայտնեց, որ մէկ զինեալ կայ` աւելցնելով, որ ապահովական ուժերը չեն գիտեր ինչ են պայմանները` նշելով. «Տակաւին չենք գիտեր, եթէ ահաբեկչութեան առնչուած դէպք մըն է»: Աւելի ուշ ոստիկանութիւնը ներխուժեց սրբարան եւ սպաննեց զինեալը:

Աւստրալիա, որ Միացեալ Նահանգներու կողքին կը մասնակցի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արշաւին, սեպտեմբերին ահաբեկչական վտանգի ահազանգը բարձրագոյն մակարդակի բարձրացուց, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Սուրիայէն եւ Իրաքէն վերադարձող ժիհատականներու ներկայացուցած վտանգին:

Աւստրալիական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ Սիտնիի կեդրոնը պիտի շարունակէ փակ պահել, այնքան ատեն որ անհրաժեշտ է:

Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ահաբեկչական հարցերու խորհրդական Լիզա Մոնաքօ յայտնեց, որ Օպամա տեղեակ պահուած է կացութենէն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դէպքի վայրին մօտ գտնուող ամերիկեան հիւպատոսարանի աշխատակազմը հեռացուած է հիւպատոսարանի շէնքէն:

Աւստրալիոյ մէջ իսլամական 40 կազմակերպութիւններ դատապարտեցին պատանդ վերցնելու քայլը:

Միւս կողմէ, զինեալներ Պրիւքսէլի արեւմուտքը գտնուող Կենթ շրջանի մէկ յարկաբաժինին մէջ պատանդներ վերցուցին: Ոստիկանութիւնը շէնքի բնակիչներուն յորդորեց իրենց ապահովութեան համար բնակարաններէն դուրս չգալ: Պելճիքական ոստիկանութեան բանբեր Ֆիլիփ Ռաշար յայտնեց, որ հարցը ստանձնած է դաշնակցային ոստիկանութիւնը, եւ իրենք պատանդները ազատ արձակելու համար ամէն իրաւասութիւն ունին:

Աւելի ուշ զինեալները անձնատուր եղան:

Պելճիքական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ անցեալ հոկտեմբերին դարձեալ Կենթի մէջ պատանդ վերցնելու այլ դէպք մը պատահած էր, սակայն անիկա անձնական դրդապատճառներով տեղի ունեցած էր:

Մինչ այդ, ֆրանսական ոստիկանութիւնը Ֆրանսայի հարաւարեւմտեան Թուլուզ շրջանին մէջ ձերբակալեց ցանց մը, որ կը կարծուի, թէ  «ժիհատականներ» Սուրիա կ՛ուղարկէ:

Ֆրանսական ոստիկանութենէն աղբիւր մը նշեց, որ գործողութիւնը միաժամանակ տեղի ունեցած է շարք մը շրջաններու մէջ: Գործողութիւնը կատարած են ոստիկանութեան հակաահաբեկչական եւ մասնայատուկ ուժերը:

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւն. «Լրագրողներու Ձերբակալութիւնը Կրնայ Ազդել Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ Անդամակցութեան Հոլովոյթին Վրայ»

Յաջորդը

Սէուտական Նուէրի Փոխանցման Ծիրին Մէջ. Զօրավար Քահուաժի «Օտաս»-ի Ներկայացուցիչին Հետ Ստորագրեց Համաձայնագիրի Յաւելուածը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.